03 Aralık 2015
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ այսօր քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը:
Նոր օրինագիծին հեղինակն է երեսփոխան Վալերի Պուայէ:
Յունուար 2013-ին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ Պուայէի պատրաստած նախագիծը որդեգրուած էր Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ, սակայն երկրին Սահմանադրական խորհուրդը զայն սահմանադրութեան հակասող նկատած էր: