01 Aralık 2015
Սուրիայէն հազարաւոր փախստականներ յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի ժամանեն Գանատա եւ կառավարութեան պարզեցուած ծրագիրով պիտի ապաստանին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ:
Ըստ News.am-ի՝ The Globe and Mail պարբերականը կը հաղորդէ, որ Մոնրէալ տեղափոխուող փախստականներուն երկու երրորդը սուրիահայեր են: Անոնց ֆինանսաւորումը իր վրայ վերցուցած է տեղի հայ համայնքը:
«Փախստականներէն շատերուն մենք նոյնիսկ չենք հանդիպիր: Անոնց ժամանումէն անմիջապէս ետք ֆինանսաւորող խումբերը կը դիմաւորեն զանոնք օդակայանին մէջ եւ անկէ ետք կ՛անհետանան մեր տեսադաշտէն»,- պարբերականին ըսած է գաղթականութ հարցերով զբաղող գանատացի պաշտօնեան:
Ըստ պարբերականին` նախապէս կազմուած ցուցակներով Գանատա ժամանող սուրիացի փախստականներուն շատ փոքր տոկոսը կը ֆինանսաւորուի կառավարութենէն: Փախստականներուն ֆինանսական կարիքները սովորաբար կը հոգան տեղի համայնքները: