01 Aralık 2015
Նոյեմբեր 30-ին եւ լոյս Դեկտեմբեր 1-ին ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագծին հակառակորդի կողմէն հրադադարը խախտուած է շուրջ 50 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 900 կրակոց:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը` խիստ անհրաժեշտութեան պարագային դիմելով պատժիչ գործողութիւններու: