24 Kasım 2015
«Քաթարի օդուղիներ»-ը (Qatar Airways) 2016 թուականին կանոնաւոր չուերթներ պիտի իրականացնէ Երեւան-Տոհա ուղղութեամբ: ««Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ընկերութիւնը յաջողութեամբ աւարտած է բանակցութիւնները «Քաթարի օդուղիներ»-ուն հետ:
Ինչպէս «Արմենփրես»-ը կը տեղեկացնէ՝ վկայակոչելով «Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ն, վերջին շրջանին բանակցութիւնները նոր թափ ստացան, երբ «Իթիհատ» ընկերութիւնը յայտարարեց Հայաստանի ուղղութեամբ չուերթները դադրեցնելու մտադրութեան մասին:
««Արմենիա» միջազգային օդակայաններ» ՓԲԸ-ն հպարտ է, որ «Քաթարի օդուղիներ»-ը, որ երեք տարի անընդմէջ ճանչցուած է «Տարուայ լաւագոյն օդանաւային ընկերութիւն», ընտրած է Հայաստանը որպէս իր նոր ուղղութիւններէն մէկը:
«Քաթարի օդուղիներ»-ը Միջին Արեւելքի ամենամեծ օդանաւային ընկերութիւններէն մէկն է, ունի մեծ ցանց եւ թռիչքներ կ՛իրականացնէ աւելի քան 140 ուղղութիւններով: «Քաթարի օդուղիներ»-ու շարժակազմը համալրուած է աւելի քան 340 ժամանակակից օդանաւերով, որոնց մէջ` Airbus A350, Airbus A380800, Boeing 777200, Boeing 777300, Boeing 7878 (Dreamliner) եւ այլն: Տոհայի օդակայանը յարմարաւէտ տարանցիկ կէտ կրնայ դառնալ Հայաստանէն ԱՄՆ, Մերձաւոր եւ Հեռաւոր Արեւելք մեկնողներուն համար: