24 Kasım 2015
Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ Նոյեմբեր 21-ին Հռոմի Սանթա Մարիա Մաժորիթի եկեղեցւոյ Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ հիմնարկի փրոֆէսոր, հայր Ժորժ Անրի Ռոյսէնի բացառիկ եօթհատորեակի շնորհանդէսը: Ձեռնարկին կը մասնակցէին Քահանայապետական արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Տաւիտ Նազարը, Ս. Էջիտիօ համայնքի հիմնադիր Անտրէա Ռիքարտին եւ Ս. Էջիտիօ համայնքի նախագահ Մարքօ Իմպալիացցօն, Հայ առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր այրեր, հասարակական-քաղաքական հատուածի ներկայացուցիչներ, իտալահայ համայնքի անդամներ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Գիրքին մէջ կը ներկայացուին Վատիկանի փակ արխիւներուն մէջ գտնուող ու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերը` համիտեան ջարդերէն մինչեւ յետցեղասպանական` քեմալական կառավարման շրջանի տարիներ, որ հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ ամբողջական պատկերացում կազմել ոճրագործութեան բոլոր փուլերուն մասին` ցեղասպանութեան նախապատրաստումէն մինչեւ իրականացում:
Ձեռնարկին ելոյթով հանդէս եկաւ Սուրբ Աթոռին մէջ ՀՀ դեսպան Միքայէլ Մինասեան, որ իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշեց, որ եօթհատորեակը ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ լրջագոյն ձեռքբերում է եւ պատմութիւն, որ նաեւ թուրքերունն է: «Հայր Ռոյսէնի աշխատանքը մեզ օգնում է յարաբերուել փաստերի հետ: Այն մեզ օգնում է ընթերցել անցեալը` դասեր քաղելով ապագայի համար»,- ըսած է դեսպանը:
Ձեռնարկին դեսպան Մինասեան Հայր Ժորժ Անրի Ռոյսէնին յանձնեց ՀՀ Նախագահի կողմէ շնորհուած Պատուոյ շքանշանը` հայագիտութեան զարգացման եւ հոգեւոր արժէքներու տարածման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար: