24 Kasım 2015
Գերմանիան ներկայացնող հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ նախորդ շաբաթավերջին յաջողութեամբ պաշտպանեց ախոյեանութեան իր տիտղոսը:
35 տարեկան Աբրահամ լարուած մենամարտին ընթացքին յաղթեց 33 տարեկան անգլիացի իր մրցակիցին` Մարթին Միւրէյին:
Առաջին իրաւարարը առաւելութիւնը տուաւ Աբրահամին` 115-112, երկրորդը Միւրէյին` 115-112, իսկ երրորդը Աբրահամին` 116-111, իր տուած այս լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am: