Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Հոգեւոր Տէրը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

24 Kasım 2015  

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Հոգեւոր Տէրը -

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Հոգեւոր Տէրը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Հոգեւոր Տէրը

Երկուշաբթի, 23 նոյեմբեր 2015-ի առաւօտուն, Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. նորընտիր պատրիարքը` ընկերակցութեամբ եպիսկոպոսներու եւ պետական երեսփոխաններու պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Հոգեւոր տէրն ու իրեն ընկերակցող շքախումբը կաթողիկոսարանի վեհարանին մուտքին դիմաւորուեցան վեհափառ հայրապետին եւ միաբան հայրերուն կողմէ, որոնք առաջնորդեցին վեհափառ հայրապետն ու հոգեւոր տէրը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի աւագ խորան, ուր կատարուեցաւ «Կանոնական» աղօթք:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, թափօրը ուղղուեցաւ վեհարանի դահլիճ, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս բարի գալուստ մաղթեց հոգեւոր տիրոջ: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ մեր երկու եկեղեցիները ունին ազգային նոյն պատկանելիութիւնը եւ քրիստոնէական նոյն արմատները, հետեւաբար մեր նմանութիւնները իրարու հետ շատ աւելի են, քան տարբերութիւնները: Մեր եկեղեցիներն ու ժողովուրդը միշտ այս գիտակցութեամբ գործակցած են ու կը շարունակեն գործակցիլ ամէն մակարդակներու վրայ: Ան նաեւ շնորհաւորեց հոգեւոր տէրը երկու նոր եպիսկոպոսներու ձեռնադրութեան առիթով:

Հոգեւոր տէրը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` իր գահակալութեան արարողութեան ներկայութեան եւ արտասանած խօսքին համար: Ան շեշտեց մեր հաւատքին կառչած մնալու եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մեր գաղութներուն մէջ:

Երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին աշխարհը ցնցող ահաբեկչական արարքները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, Հայաստանի կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան կարեւորութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+