Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

24 Kasım 2015  

Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ -

Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ Պելճիքայի Մէջ Ձերբակալուած Են Յաւելեալ Հինգ Կասկածելիներ

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ անցեալ կիրակի գիշեր Պելճիքայի մէջ ձերբակալուած են ահաբեկչութեան մէջ կասկածուող յաւելեալ հինգ անձեր:

Պելճիքական դատախազութեան ներկայացուցիչը նշած է. «Պրիւքսէլի եւ Լիեժի մէջ այս գիշեր տեղի ունեցած գործողութեան ընթացքին ձերբակալուած են յաւելեալ հինգ կասկածելիներ, այդպիսով անոնց ընդհանուր թիւը հասած է 21-ի»:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պրիւքսէլի, Լիեժի եւ Շարլըրուայի մէջ տեղի ունեցած ոստիկանական գործողութիւններուն ընթացքին կարելի չէ եղած ձերբակալել Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումներու գործով գլխաւոր կասկածելի Սալապ Ապտեսլամին, եւ Սեն-Տընիի մէջ սպաննուած Հասնայի եղբայրը` Այիտ Պուլահսենին:

Պրիւքսէլի մէջ ահաբեկիչներու որոնման գործողութիւնները սկսած էին 22 նոյեմբերի երեկոյեան, երբ Պելճիքայի գաղտնի սպասարկութիւնը հաստատած էր ահաբեկչական վտանգի բարձրագոյն մակարդակը:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ հակաահաբեկչական միջոցառումները կաթուածահար վիճակի մատնած են Պրիւքսէլը: Երէկ փակուած է մեթրոն, այդ պատճառով ալ քաղաքի բոլոր հիմնական մայրուղիները գործնականին մէջ կանգ առած են: Երկար խճողումներ ստեղծուած են Պրիւքսէլի արեւմուտքը, որովհետեւ չեղեալ նկատուած են նահանգէն մայրաքաղաք մեկնող միջքաղաքային փոխադրակառքի քանի մը ուղերթեր:

Բացի բոլոր ուսումնական հաստատութիւններէն, մանկապարտէզներէն եւ մեթրոյէն, քաղաքին մէջ փակ են բոլոր առեւտրական կեդրոնները եւ բազմաթիւ խանութներ` բացի մթերային խանութներէն, չեն աշխատիր ժամանցի հաստատութիւնները, գրադարանները, մարզադաշտերը, լողաւազանները եւ նոյնիսկ որոշ սրճարաններ: Ինքնաշարժներու սեփական արհեստանոցներու, սափրիչներու, լուացքի տուներու եւ այլ մանր ձեռնարկութիւններու բազմաթիւ սեփականատէրեր նոյնպէս նախընտրած են իրենց հաստատութիւնները փակ պահել:

Կրճատուած է Եւրոպական Միութեան Պրիւքսէլի կառոյցներուն` Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնի աշխատանքը: Նշեալ կեդրոններու ոչ հիմնական անձնակազմը փոխադրուած է ճկուն ժամանակացոյցի: Առաւել եւս ամրապնդուած են այդ կեդրոններուն անվտանգութեան ապահովման միջոցները, որոնք Պրիւքսէլի մէջ արդէն առաւել պաշտպանուածներն են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն ետք:

«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Պելճիքայի ներքին գործոց նախարար Եան Եամպոն յայտարարած է, որ իր երկիրը չի բացառեր, որ իր զինեալ ուժերը կրնան միանալ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործող միջազգային դաշինքին: «Ես չեմ փակեր դուռը, սակայն ատիկա պէտք է կատարել դաշինքին հետ եւ միջազգային որոշման գոյութեան պարագային», ըսած է ան «Էր.Թէ.Էլ.» պատկերասփիւռի կայանէն` պատասխանելով Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութեան Պելճիքայի հաւանական մասնակցութեան մասին հարցումին:

Ըստ Եամպոնի, այդ որոշումը կրնայ որդեգրուիլ յառաջիկայ օրերուն, «սակայն յստակ է, որ բուն խնդիրը Սուրիոյ մէջ է, եւ զայն պէտք է լուծել այդտեղ»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+