Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

24 Kasım 2015  

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթ -

Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթ Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում. Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին Ունեցաւ Նորօծ Երկու Եպիսկոպոս` Սարգիս Եպս. Դաւիթեան Եւ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2015-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն: Յընթացս սուրբ պատարագին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ձեռամբ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացան հայր Սարգիս վրդ. Դաւիթեան եւ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան: Ձեռնադրութեան արարողութեան ներկայ էին պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա, Հայաստանի եւ Իրանի դեսպանները, նախարարներ, պետական, կառավարական ու զինուորական անձնաւորութիւններ, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, հիւրեր ու հարազատներ:

«Ուրախ լեր», ապա «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սպասաւորներու դասը եւ երկու կոչեցեալները մտան եկեղեցի ու բարձրացան խորան:

Յընթացս ձեռնադրութեան արարողութեան Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան կարդաց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի այն կոնդակը, ուր կը հաղորդուի Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի հաճութիւնը եւ հայ կաթողիկէ պատրիարքական եպիսկոպոսներու սինհոդոսի ընտրութիւնը` Սարգիս վրդ. Դաւիթեանին իբրեւ առաջնորդ Սպահանի` Իրանի կաթողիկէ հայոց, իսկ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան կարդաց այն կոնդակը, որով Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան կը նշանակուի տիտղոսաւոր Ամիտայ հայոց, օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի պատրիարքական թեմին:

NS4H6826-copyNS4H6985-copy«Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականին երգեցողութեամբ կոչեցեալները ծունկի եկած վեր բարձրացնելով իրենց ձեռքերը, անգամ մը եւս հրաժարեցան աշխարհէն: Այնուհետեւ մկրտութեան աւազանէն հանդիսաւոր թափօրով բերուած սրբալոյս միւռոնով ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եպիսկոպոսութեան կոչելով Դաւիթ եւ Գէորգ վարդապետները օծեց անոնց ճակատները: Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին նորօծ եպիսկոպոսներուն յանձնուեցան նաեւ իրենց եպիսկոպոսական իշխանութեան խորհրդանիշները` եպիսկոպոսական գաւազաններն ու մատանիները, Աւետարանը` ի նշան քարոզութեան, բանակեան եւ եմիփորոնը, եւ վերջապէս` խոյրը:

Իրենց յուզմունքն եւ ուրախութիւնը միախառնած իրարու` պատմական այս գեղեցիկ պահուն եղեղեցւոյ հաւատացեալները իրենց ծափողջոյններով խնդակից դարձան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծ ուրախութեան:

Այս բերկրալից առիթով Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը իր շնորհաւորութիւններն ու հայրապետական պատգամը ուղղեց նորօծ եպիսկոպոսներուն եւ ներկայ ժողովուրդին` ըսելով. «Այսօր աւելի քան երբեք մեր շուրջ կը գտնուին աղքատներ, սրտաբեկ հոգիներ, գերիներ, կոյրեր, հարստահարուածներ: Ժողովուրդները ամէնուրեք կարծէք ուղեկորոյս են, յոգնած են, կը տառապին, մտահոգ են, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վաղը, տարակոյսի եւ թերահաւատութեան մէջ են եւ շատեր կը կորսնցնեն իրենց հաւատքը Աստուծոյ նկատմամբ. կը կարծեն, որ զիրենք ստեղծած եւ անջրպետի մէջ նետած է. բայց դուք անոնց յոյս պիտի ներշնչէք, անոնց հաւատքը պիտի զօրացնէք, պիտի մօտեցնէք զանոնք Աստուծոյ, որովհետեւ ան որ կը կորսնցնէ Աստուած, ան որ իր եսը կը դնէ, իր կեանքին մէջ երջանկութիւն չի գտներ»:

NS4H6436-copyNS4H6930-copyԱմենապատիւ հոգեւոր տէրը կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն իրենց կեանքին օրինակով, Քրիստոսի ուսմունքներով եւ լոյսով Քրիստոսի վկաները ըլլալու: Ան աւելցուց. «Եթէ դուք աղօթքով միացած ըլլաք Քրիստոսի, եթէ անոր անուշ հոտը բուրէք, եթէ մօտենաք ժողովուրդին, անոր մէջը ըլլաք, անոր առջեւէն քալէք, զայն լսէք, այն ատեն դուք այլ ոմն Քրիստոս էք, ձեզմով ուժ կ՛առնեն, զօրավիգ կը ստանան եւ ձեզի հետ միասին ուղեկից կ՛ըլլան դէպի Տէրը` Քրիստոս, որ մեր երջանկութիւնն է, մեր ողորմած, մեր գթած հայրն է եւ կը հրաւիրէ մեզ իր յաւիտենական երանութեան»: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Մենք ամէնքս ձեզի հետ գօտեպնդուած ենք, մէկ սիրտ ու մէկ հոգի պիտի ըլլանք ձեզի հետ, որպէսզի մեր Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, հաւատացեալները, մեր հայ ժողովուրդը, ուր ալ ըլլան` մայր հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ տարածուած, իսկապէս զգան, որ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք մեր նահատակներուն շնորհքով եւ բարեխօսութեամբ մենք կանք, կ՛ապրինք, կը մնանք, կը լուսաւորենք աշխարհը եւ կ՛երթանք, վկաները կ՛ըլլանք մեզ սիրող Աստուծոյն, նախախնամող Աստուծոյն, որ մեզ չի լքեր»:

Յաւարտ ձեռնադրութեան եւ սուրբ պատարագին, որուն երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը, պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա կարդաց Սուրբ Աթոռի Արեւելեան եկեղեցիներու միաբանութեան կրօնապետ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի խօսքը ձեռնադրութեան առիթով:

NS4H6496-copyNS4H6554-copyNS4H7095-copyՅաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ նորօծ եպիսկոպոսները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, որ զիրենք կոչած է ծառայելու հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին սրբազան քահանայապետին եւ Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին: Անոնք խնդրեցին բոլոր ներկաներէն, որ աղօթքով մասնակից դառնան իրենց առաքելութեան: Անոնք յաչս Աստուծոյ խոստացան ի դերեւ չհանել իրենց վրայ դրուած յոյսերը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի առաքեալներուն խոստացած խաղաղութեան պատգամը, արդարութիւնը եւ սէրը խոստացան ներառել իրենց առօրեայ կեանքին մէջ: Անոնք ըսին, թէ իրենց ծառայութեան ընթացքին յարգալիր ու սիրալիր մթնոլորտ պիտի ստեղծեն ժողովուրդին մէջ եւ պիտի զօրացնեն կապերը քոյր եկեղեցիներու պատասխանատուներուն հետ` աշխատելով նախ եւ առաջ սէր սերմանել ու տարածել ամէնուր: Իսկ պետական հաստատութիւններուն հետ պիտի շարունակեն բարօր եւ յուսադրիչ կապեր հաստատել, որպէսզի հայ ժողովուրդի զաւակներուն մտահոգութիւնները չէզոքանան ապագային նկատմամբ եւ կարենան իրենց քաղաքացիական բոլոր պարտաւորութիւնները լիութեամբ իրագործել:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին պետական ու զինուորական բոլոր մարմիններուն, եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերուն, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներուն, «Թելէ Լիւմիեր» կայանին, «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն եւ Իրանէն եկած հիւրերուն, հարազատներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ բաժնեկից եղան իրենց խնդութեան:

Նորօծ եպիսկոպոսները եկեղեցւոյ մէջ ընդունեցին հոծ բազմութեան շնորհաւորութիւնները, մինչ հայ կաթողիկէ սկաուտական շեփորախումբը կը հնչեցնէր իր կշռութաւոր նուագները` ամէնուր տարածելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ցնծութիւնը:

Պէտք է յիշել, որ նորօծ երկու եպիսկոպոսները կիրակի, 22 նոյեմբերին իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցեցին` Սարգիս եպս. Դաւիթեան` Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Գէորգ եպս. Ասատուրեան` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+