24 Kasım 2015
Քեսապի մէջ 21 նոյեմբերին իր վերահսկողութեան տակ առած է կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Զահի լեռնագագաթը: Այս մասին «Ազդակ»-ին փոխանցեց Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնման Քեսապի գործադիր մարմինի անդամ եւ Քեսապի հայ համայնքի մամլոյ բանբեր Կարօ Մանճիկեան` աւելցնելով, որ լեռնագագաթը կը գտնուի Քեսապէն 12-15 քմ հեռաւորութեան վրայ:
Ան նշեց, որ սուրիական բանակը ռուսական օդային ուժերուն հետ միասին քանի մը օր շարունակ ռմբակոծած է լեռնագագաթը եւ իր վերահսկողութեան տակ առած է զայն, ինչպէս նաեւ մերձակայ բլուրներն ու հովիտները: Մինչ այդ լեռնագագաթը կը գտնուէր զինեալներու վերահսկողութեան տակ, եւ անոնք հոնկէ կը հրթիռակոծէին Քեսապի շրջանները:
Ինչ կը վերաբերի այժմ Քեսապի մէջ տիրող իրավիճակին, Մանճիկեան յայտնեց, որ բանակը կը շարունակէ զինեալներէն մաքրել Զահի լեռնագագաթին մօտ գտնուող հովիտները, խիտ անտառները:
Բացի Զահի լեռնագագաթէն, վերահսկողութեան տակ առնուած են Քեսապէն 25-30 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող քանի մը ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կէտեր:
«Յուսանք, որ յառաջիկայ օրերուն կ՛ունենանք Քեսապի ապահովութիւնը յաւելեալ կերպով հաստատող տուեալներ», նշեց Մանճիկեան` աւելցնելով, որ այս քայլը ապահովութեան երաշխիք կու տայ:
Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Քեսապ-Լաթաքիա ճամբան վերաբացուի, եւ ատիկա իր դրական ազդեցութիւնը ունենայ: Մինչ այժմ քեսապցիները կ՛օգտուին Քեսապ-Լաթաքիա ծովեզերեայ ճամբէն:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Քաթեֆ Ղանիմա բարձունքներուն, Ռուէյսաթ Մալուհայի, Ռաշուանիէի, Զէյթունիէի, Այն Սամուրի եւ Անթուրա բլուրին:
Նշենք նաեւ, որ ֆրանսական «Շարլ Տը Կոլ» օդանաւակիրը առաջին անգամ ըլլալով մասնակից դարձած է Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հարուածներուն: