Թուրքիոյ Ելեւմտական Նախարարութեան Տեսուչները Ստուգումներ Կ’ընեն Հայկական Դպրոցներուն Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

21 Kasım 2015  

Թուրքիոյ Ելեւմտական Նախարարութեան Տեսուչները Ստուգումներ Կ’ընեն Հայկական Դպրոցներուն Մէջ -

Թուրքիոյ Ելեւմտական Նախարարութեան Տեսուչները Ստուգումներ Կ’ընեն Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Թուրքիոյ Ելեւմտական Նախարարութեան Տեսուչները Ստուգումներ Կ’ընեն Հայկական Դպրոցներուն Մէջ

Ասիկա հանրապետական Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամն է, որ հայկական դպրոցներուն մէջ նման ստուգմուներ կ’իրականացուին։ Վկայակոչելով «Ակօս» շաբաթաթերթը՝ այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Հայկական դպրոցները տնտեսվարող կառոյց ճանչնալու հարցը օրակարգ եկած էր Մարտ ամսուն: Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը գրութիւն ուղարկած էր հայկական դպրոցներուն, տեղեկացնելով, որ ընտանիքներէն նուիրատւութիւններ ստանալու պարագային դպրոցները կը համարուին տնտեսվարող կառոյց ու ենթակայ կ’ըլլան հարկումներու:

Այս առիթով «Հիմնադրամներու միջեւ համերաշխութեան եւ կապերու փլաթֆորմի» (VADİP) ելեւմտական հարցերու համակարգող Մասիս Եօնթան, միջազգային հարկային իրաւունքի մասնագէտ Արեգ Ֆերահեան, կրթութեան յանձնաժողովի անդամները հանդիպած են իրաւաբաններ Սեպու Ասլանկիլի եւ Օմեր Քանթիքի հետ: VADİP գլխաւոր քարտուղար Յարութիւն Շանլըն յայտնած է, որ հանդիպումը բաւական արդիւնաւէտ անցած է` քննարկուած են հարցին վերաբերեալ բոլոր տեսակէտները:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն անմիջապէս յետոյ հանդիպում պիտի պահանջեն ելեւմտական եւ կրթութեան նորանշանակ նախարարներուն հետ:

«Իրաւաբաններէն եւ խորհրդականներէն կազմուած պատուիրակութեան այցէն յետոյ կը սպասենք արդիւնքներուն: Եթէ տնտեսվարող դպրոցին պատճառով խնդիրը փակուղի մտնէ, մենք իրաւական պայքարի մէջ կը մտնենք»,- ըսած է Շանլըն:

Վերջինս յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ հանրակրթութեան մասին N5580 օրէնքին մէջ ընդգծուած է, որ hայկական դպրոցները ոչ թէ մասնաւոր, այլ ազգային փոքրամասնութեան դպրոցներ են: Ըստ Շանլըի` այս օրէնքը պիտի ըլլայ իրենց ամենակարեւոր փաստարկը հնարաւոր իրաւական գործընթացին ժամանակ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+