21 Kasım 2015
Ֆրանսացի արուեստագէտները բոլոր քաղաքացիներուն կոչ կ’ընեն աղմկելու այն վայրերուն մէջ, ուր անցեալ Ուրբաթ ահաբեկչութիւններ տեղի ունեցած էին, կը գրէ Artsakhpress-ը:
France Info-ի հաղորդմամբ, շատ արուեստագէտներ, որոնց մէջ է` Շառլ Ազնաւուր, կոչ ըրած են երաժիշտներուն, դերասաններուն, նկարիչներուն եւ բոլոր փարիզցիներուն «ցոյց տալու իրենց ուժը» ահաբեկիչներուն:
Դեռեւս անյայտ են յառաջիկայ ֆլէշ մոպի մանրամասնութիւնները, սակայն յայտնի է, որ աւելի քան 100 արուեստագէտ պիտի հաւաքուի «Պաթաքլան» թատրոնի շէնքին առջեը եւ այն սրճարանին մօտ, ուր ահաբեկիչները կրակած էին մարդոց վրայ: