21 Kasım 2015
Մետաքսի ճանապարհի նախագծի իրականացման մէջ շատ կարեւոր է յարմարաւէտութիւնը: Ըստ News.am-ի՝ մենք չենք ստիպեր որեւէ երկրի միանալ այդ նախագծին: Այս մասին այսօր «21-րդ դարու մետաքսի ճանապարհը. Հեռանկարներ եւ համագործակցութիւն» համաժողովի ծիրէն ներս լրագրողներուն ըսած է Հայաստանի մէջ ՉԺՀ դեսպանատան խորհրդական Լօ Շիսիւնը:
Անոր խօսքով` այսօրուան համաժողովը շատ լաւ ծրագիր է Մետաքսի ճանապարհի տնտեսական գօտիի համատեղ շինարարութեան շուրջ կարծիքներ փոխանակելու համար: «Հայաստանն ու Չինաստանը լաւ յարաբերութիւններ ունին, կը պահպանուի քաղաքական վստահութեան բարձր մակարդակը, կը զարգանան մարդասիրական, առեւտրա-տնտեսական յարաբերութիւնները: Ինչ կը վերաբերի Մետաքսի ճանապարհին, մենք պատրաստ ենք քննարկել եւ որոշումներ կայացնել մեր հայ գործընկերներուն հետ»,- նշած է Շիսիւնը:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ Հայաստանը Մետաքսի ճանապարհին պիտի մասնակցի ԵՏՄ ծիրէ՞ն ներս, թէ ինքնուրոյն, ան նշած է. «Ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ ձեւաչափով: Մենք կը քննարկենք այդ հարցը: Այստեղ ամենակարեւորը այն է, որ նախաձեռնութեամբ կը պահպանուի թափանցիկութեան սկզբունքը: Մենք բանակցութիւններու ընթացքին ընդհանուր լեզու պիտի գտնենք, համաձայնութեան պիտի գանք, պիտի աշխատինք եւ քաղենք պտուղները»:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ Հայաստանը տնտեսական առումով ինչպէ՞ս կրնար հրապուրել Չինաստանը, Շիսիւն պատասխանած է. «Հայաստանը Չինաստանի համար առեւտուրի, շփման եւ բարեկամութեան ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ գործընկեր է: Բարեկամութիւնը աւելի կարեւոր է, քան անգամ առեւտուրը»: