Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

16 Kasım 2015  

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին -

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Ցաւակցագիր Նամակը Ուղղուած Ֆրանսայի Նախագահ Ն.Վ. Ֆրանսուա Հոլլանտին

Մեծի Տանն Կիլիկոյ Արամ Ա. կաթողիկոս շաբաթ օր ցաւակցական հեռագիր յղած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն առիթով: Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է.

«Յարգելի՛ Պրն. Նախագահ,

»Խոր ցաւով ու ընդվզումով երէկ գիշեր հետեւեցանք Փարիզի ահաբեկչական դէպքերուն։ Արդարեւ, հաւաքական ահաբեկչութեան, այլ խօսքով՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ ժողովուրդը ու հայ եկեղեցին գոյութենական փորձառութեամբ գիտեն թէ ինչ կը նշանակէ անմեղ մարդոց արիւնը թափել։ Ահաբեկչութիւնը համամարդկային չարիք մըն է, որուն դիմաց աշխարհի բոլոր կրօնները, մշակոյթները, քաղաքակրթութիւնները ու ազգերը կոչուած են հաւաքական կեցուածք որդեգրել զայն արմատախիլ ընելու մարդկային ընկերութենէն։

»Կը դատապարտենք Փարիզի ոճիրը. կը բաժնենք Ձեր ցաւն ու ընդվզումը եւ կը զօրակցինք հայ ժողովուրդին երկար դարերու բարեկամ ու մարդկային գերագոյն արժէքներու հաւատարիմ՝ ֆրանսացի ժողովուրդին։

»Կ’աղօթենք ահաբեկչական արարքներուն զոհ գացած անմեղներու հոգիներուն համար, եւ Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք անոնց ընտանիքներուն»։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+