16 Kasım 2015
Ֆրանսահայ 17-ամեայ Լոլա Ուզունեանը Փարիզի մէջ Նոյեմբեր 13-ին տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք կը համարուի անհետ կորսուած եւ հարազատաները կը շարունակեն փնտռել զայն: Horizonweekly-ն կը տեղեկացնէ, որ ֆրանսական իշխանութիւնները կը փնտռում աղջիկը, որ իր հօր հետ եղած է Պաթաքլան թատրոնին մէջ Eagles of Death Metal ամերիկեան ռոք խումբի համերգին: Սակայն երբ հնչած են կրակոցներ, իրարանցում յառաջացած է եւ հայր ու դուստր կորսնցուցած են զիրար, եւ հայրը կրցած է դուրս գալ թատրոնէն, իսկ դուստրը մինչեւ հիմա չկայ:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 13-ի գիշերը Փարիզի մէջ եղած են ուժգին պայթումներ, որոնց հետեւանքով պաշտօնական տուեալներով 129 մարդ զոհուած է, մօտ 300 մարդ ալ տարբեր վնասուածքներով տեղափոխուած էր հիւանդանոց: