Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

16 Kasım 2015  

Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան -

Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան Սէյիտ Նասրալլա Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղէ Ազգային Ընդարձակ Համաձայնութեան

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին խստիւ դատապարտեց Ֆրանսայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործած ահաբեկչութիւնները` շեշտելով, որ շրջանի բնակիչները, որոնք ամէնէն աւելի ծանօթ են ՏԱՀԵՇ-ի բռնարարքներուն, լաւապէս կը հասկնան ահաբեկչութեան պատճառած ցաւը: «Մարդկային եւ բարոյական առումով մենք ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնենք Ֆրանսայի զոհերուն ընտանիքներուն», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Պըրժ Պարաժնէի պայթումին առաջին վայրկեաններէն սկսան փրկարար աշխատանքներուն եւ բնակիչներուն օժանդակութեան` սկսեալ հիւանդանոցներէն մինչեւ բանակը, ապահովութեան ուժերը, կառավարութիւնը, լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ իրենց դատապարտումները յայտնող կուսակցութիւններն ու կրօնական հեղինակութիւնները:

Ան նշեց, որ անձնասպանական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները կը հաստատեն, որ անիկա գործուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնները կատարող հեղինակներուն հրապարակուած անունները անճիշդ են` նկատել տալով միաժամանակ, որ կարեւորագոյնը այն է, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է երկու ահաբեկիչներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են այդ գործողութեան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ականուած գօտիներով գործուող ահաբեկչութեան դէմ պէտք է վարուիլ ինչպէս նախորդ հանգրուանին` ականուած ինքնաշարժներու հանգրուանին, կատարուած աշխատանքը, այսինքն` ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել եւ հասնիլ ահաբեկչական այդ գործողութիւններուն հսկող պատասխանատուներուն:

Ան հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է ձախողեցնել թշնամիին նպատակը, որ Լիբանանի մէջ սադրանքի հրահրումն է:

Այս առումով, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ահաբեկչական գործողութեան հեղինակներուն պաղեստինեան ինքնութեան մասին սպրդեցուած լուրերուն նպատակն էր լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ սադրանքներ բռնկեցնել եւ լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնել հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ գտնուող պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ: «Սակայն փառք Աստուծոյ, Դիմադրութեան համակիրներուն գիտակցութեամբ եւ լիբանանցիներուն զգաստութեամբ կարելի եղաւ այդ նպատակը ձախողեցնել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ իսրայէլացին եւ հաւատադրժողական շարժումները կ՛ուզեն Լիբանանի մէջ գրգռութիւններ յառաջացնել եւ քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել, որովհետեւ այդ պատերազմը կը ծառայէ Իսրայէլի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ հաւատադրժողականներուն շահերուն:

«Այս բոլոր իրականութիւններուն նկատմամբ լիբանանեան ըմբռնումը իրապէս նուաճում մըն է», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ անհրաժեշտ է օգտուիլ Լիբանանի մէջ վերջին շրջանին երեւան ելած դրական մթնոլորտէն, որ ի յայտ եկաւ օրէնսդրական նիստին եւ Պըրժ Պարաժնէի պայթումին յաջորդող օրերուն:

Ան կարեւորութեամբ շեշտեց ազգային միասնականութիւնը ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը եւ դարձեալ կոչ ուղղեց ազգային ընդարձակ համաձայնութիւն մը գոյացնելու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+