14 Kasım 2015
Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ Փարիզի ահաբեկչութիւնները չեն կրնար որեւէ ձեւով արդարացուիլ, եւ անոնք երրորդ համաշխարհային պատերազմի մէկ մասն են, որու մասին ինքը խօսած է նախապէս, կը հաղորդէ News.am–ը` վկայակոչելով Associated Press-ը:
«Նման գործողութիւններւ արդարացում չունին»,- ըսած է ան` մեկնաբանելով Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ եղած ահաբեկչական գործողութիւնները:
2014-ին Պապը իր քարոզներէն մէկուն ժամանակ յայտարարած էր, որ երրորդ համաշխարհային պատերազմը արդէն սկսած է:
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 13-ի լոյս 14-ի գիշերը Փարիզի մէջ ահաբեկչութեան շարքի հետեւանքով պաշտօնական տուեալներով, մահացած է առնուազն 128 մարդ: Լրատուամիջոցները կը յայտնեն 150-էն աւելի զոհերու մասին: Փարիզի ոստիկանութիւնը տեղեկութիւններ ունի 8 ահաբեկիչներու մասին, որոնք մահացած են: Անոնցմէ 7-ը իրենք զիրենք պայթեցուցած են «շահիտի գօտիով»,- յայտնած է քննութեան մօտ կանգնած աղբիւրը:
Փարիզի մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է: