14 Kasım 2015
Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան, Ֆրանսայի մայրաքաղաքի տարբեր վայրերու մէջ կրակոցներ հնչած են։ Փարիզի կեդրոնական ֆութպոլային մարզադաշտի հարեւանութեամբ, ուր տեղի կ’ունենար Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ հաւաքականներու ընկերական հանդիպումը, երեք պայթիւն հնչած է, խաղին կը հետեւէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ։
Ըստ BBC-ի՝ հինգ պայթիւն հնչած է «Բատակլան» համերգասրահի մօտ։ Համերգասրահի մէջ նոյնպէս հնչած են կրակոցներ. այնտեղ սպաննուած են մեծ թիւով մարդիկ, պատանդ առնուած է շուրջ 100 մարդ։ Կրակոցներ եղած են նաեւ երկու այլ վայրերու մէջ, որոնցմէ մէկը ճաշարան է։
Նախնական տուեալներով կայ 150 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: