14 Kasım 2015
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ երէկ ուշ երեկոյեան ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը հարուածած է Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի զանազան շրջաններ:
Փարիզի ոստիկանութիւնը հաղորդած է, թէ նախնական տուեալներով` մայրաքաղաքի հիւսիսային շրջանի «Ֆրանսայի միջազգային մարզադաշտ»-ին շրջակայքը արձակուած կրակոցներուն եւ պայթումներուն հետեւանքով անմեղ զոհերուն թիւը շուրջ 160 է: «Պաթաքլան» թատերասրահին մէջ պատանդ վերցուած է շուրջ 60 հոգի: Իսկ ոստիկանութիւնը թոյլ չի տար, որ մարզադաշտին մէջ գտնուող 60 հազար մարզասէրներ դուրս գան դաշտէն: Ֆութպոլի խաղը տեղի կ՛ունենար Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը գտնուէր մարզադաշտին մէջ: Աւելի ուշ, Ֆրանսայի նախագահը դուրս բերուեցաւ մարզադաշտէն: Ֆրանսական իշխանութիւնները յայտարարեցին արտակարգ դրութիւն: Առաւօտեան մօտ յայտարարուեցաւ, որ ոստիկանութիւնը վերջ տուած է «Պաթաքլան» թատերասրահի գործողութեան եւ երկու ահաբեկիչներ սպաննուած են: