Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

14 Kasım 2015  

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած -

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Լարուածութեան Սրումը. Երկու Հայ Զինուորներ` Նահատակուած

Ազրպէյճան կը շարունակէ տարբեր զինատեսակներու կիրարկումով խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: Հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին վրայ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած են զինուորական ծառայողներ Վահէ Վանոյեանը (1995-ի ծնունդ) եւ Միքայէլ Թորոսեանը (1996-ի ծնունդ), կը հաղորդէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորական ծառայողներու ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
«Այս Գործողութիւնը Անհետեւանք Պիտի Չմնայ,
Մեղաւորները Պիտի Պատժուին»
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խորին ցաւակցութիւն յայտնած է զինուորական յենակէտին վրայ զոհուած զինուորական ծառայողներ Վահէ Վանոյեանի եւ Միքայէլ Թորոսեանի հարազատներուն եւ դատապարտած է «ազրպէյճանական կողմի հերթական ահաբեկչական բնոյթ ունեցող գործողութիւնը»:

«Գիտակցելով, որ տուեալ գործողութիւնը անհետեւանք պիտի չմնայ եւ մեղաւորները պիտի պատժուին` Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութիւնը հերթական անգամ իրավիճակը սրելու գործ կը կատարէ», ընդգծած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Միաժամանակ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը ուշադրութեան կը հրաւիրէ այն հանգամանքին վրայ, որ «Ազրպէյճանի կողմէ շփման գիծին վրայ իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած քայլերը օրըստօրէ կը սաստկանան այդ երկրին մէջ ընտրական գործընթացներու աւարտէն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` շրջան այցելութենէն անմիջապէս ետք, ինչ որ անգամ մը եւս կը փաստէ այդ պետութեան իշխանութիւններուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ապակառուցողական մօտեցումը, միջնորդական առաքելութեան յորդորներու անտեսումը եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն ոտնահարումը»:

Շաւարշ Քոչարեան. «Լեռնային Ղարաբաղի
Հանրապետութեան Ճանաչումը Այլընտրանք Չունի»
«Իր սադրիչ գործողութիւններով Ազրպէյճանը վերստին ապացուցած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը այլընտրանք չունի», երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը այդպէս արձագանգած է ազրպէյճանական զինուորական ուժերուն կողմէ երկու հայ զինուորական ծառայողներու նահատակութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+