14 Kasım 2015
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին` 12 նոյեմբերին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութեան առիթով, որ 46 անմեղ զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ խլած է:
«Խստօրէն կը դատապարտենք այդ անմարդկային ահաբեկչական գործողութիւնը, որուն նպատակը ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան խաթարումն է:
«Զօրակցութեան եւ սփոփանքի խօսք կը յղեմ ձեզի եւ Լիբանանի եղբայր ժողովուրդին` զոհուածներու հարազատներուն մաղթելով տոկունութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում», ըսուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը նոյնպէս ցաւակցագիր յղած է Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամին` 12 նոյեմբերին Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:
Խստիւ դատապարտելով ահաբեկչական գործողութիւնները` վեհափառ հայրապետը վշտակցութիւն յայտնած է զոհուածներու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ Լիբանանի բարեկամ ժողովուրդին:
«Կ՛աղօթենք, որ Երկնաւոր Տէրը մխիթարութիւն պարգեւէ զոհերու հարազատներուն եւ առողջութիւն շնորհէ ահաբեկչութենէն տուժած վիրաւորներուն: Մեր մաղթանքն է, որ Լիբանանի բարեպաշտ ժողովուրդը շուտով յաղթահարէ առկայ դժուարութիւնները եւ շարունակէ իր խաղաղ կեանքն ու ստեղծագործ աշխատանքը», ըսուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ցաւակցագիրին մէջ: