11 Kasım 2015
Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ գտնուող Փորթօ Քարաս ծովափնեայ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ աշխարհի ճատրակի 8-18 տարեկան դասակարգերու ախոյեանութիւնը:
Լիբանանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներուն մէջ ամէնէն բարձր արդիւնքը ապահովեց 12 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան մասնակցած Հրակ Լախեան: Այս դասակարգին մասնակցողներուն թիւն էր 202:
Այստեղ յայտնենք, որ Հրակ Լախեան ապահովեց 5,5 կէտ եւ 168 կէտ աւելցաւ ցուցանիշին վրայ: Դարձեալ, ան այս տարի արաբական երկիրներուն մէջ 2-րդ հանդիսացաւ եւ արժանացաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի գնահատանքին:
Կը շնորհաւորենք Հրակը եւ անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ