Ապագայի Նոր Տեսլականը - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

11 Kasım 2015  

Ապագայի Նոր Տեսլականը -

Ապագայի Նոր Տեսլականը Ապագայի Նոր Տեսլականը

Սիրելի՛ ընթերցող, յարգարժա՛ն հայրենակից,

Որոշեցի գրիչ վերցնել եւ խօսիլ քեզի հետ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրաւաքաղաքական գործընթացներու մասին. գիտեմ, որ օրուան ծանրաբեռնուած աշխատանքէն, ուսումէն ետք, միեւնոյնն է, չես զլանար լուրեր ստանալու Հայրենիքէն:

Գիտեմ, որ իւրաքանչիւր լաւ փոփոխութիւն ու յառաջընթաց կ’ուրախացնէ, իսկ մտահոգիչ եւ տհաճ երեւոյթը կը տխրեցնէ քեզ: Գիտեմ նաեւ, որ քեզի համար գլխաւորը Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան հարցերն են եւ շատ մտահոգ ես, երբ կը տեղեկանասհակառակորդի կողմէն փխրուն կայունութիւնը անընդհատ խախտելու դէպքերուն մասին:

Չեմ կասկածիր, որ հոգիիդ խորքէն միշտ ալ հպարտ կը զգաս, որ հայ ծնած ես, որ հայկական ծիները շատ բան տուած են քեզի: Միաժամանակ, ոչ միայն դուն, այլեւ աշխարհի որեւէ երկրի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները կը մտածեն աւելի հզօր ու պաշտպանուածՀայրենիք, մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները առաւել ճանչցող եւ երաշխաւորող, ժողովրդավարական ինստիտուտներու գործունէութիւնը անվերապահ ապահովող պետութիւն ունենալու մասին:

Բնականաբար, նաեւ գիտես, որ ընդամէնը 24 տարեկան է մեր պետութիւնը, որուն կայացման առաջին տարիները անցան Սպիտակի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման, Արցախեան պարտադրուած պատերազմը յաղթելու, էներկետիկ ճգնաժամը յաղթահարելու եւնոր, ազատ ու անկախ պետութեան հիմքերը կառուցելու գործընթացներով։

Բարդ ու դժուար էր պետական շինարարութիւնը, իշխանութեան ճիւղերու կազմաւորումը, անոնց գործառոյթներու ճշգրտումը եւ պետական իշխանութեան մարմիններու միջեւ որոշակի հաւասարակշռութեան ապահովումը: Առաջին խորհրդարանը, որ կը կոչուէրԳերագոյն խորհուրդ, իրաւամբ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ խիստ անհրաժեշտ օրէնքներու ընդունման, Նախագահի ինստիտուտի ստեղծման, գերագոյն իշխանութիւնը հնարաւորինս խորհրդարանի, կառավարութեան եւ դատական իշխանութեան միջեւ բաժնելուգործին մէջ: Սակայն, իրաւական պետութեան կայացման գլխաւոր բանալին Սահմանադրութեան գոյութիւնն է, որ, երկրի հիմնական օրէնքն ըլլալով, ոչ միայն կը կանոնակարգէ մարդու եւ պետութեան համար կարեւոր ու անհրաժեշտ փոխյարաբերութիւնները, կը սահմանէհասարակութեան եւ պետութեան կենսագործունէութեան հիմնական սկզբունքները, այլեւ կ’որոշէ պետական իշխանութեան կառուցուածքն ու պետական մարմիններու համակարգը:

Ժողովրդավարութեան ճանապարհով առաջին քայլերը ընող, միաժամանակ, պատերազմական իրավիճակի, շրջափակման մէջ յայտնուած երկիրը 1995 թուականին ընդունեց անկախ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը: Բնականաբար, ան չէր կրնար կատարեալ ըլլալ՝ 200եւ աւելի տարիներու ժողովրդավարութիւն ունեցող երկիրներու սահմանադրութիւններուն համեմատ: Այնուամենայնիւ, ՀՀ Սահմանադրութիւնը սկսաւ գործել՝ սահմանելով պետական իշխանութեան մարմիններու գործառոյթներն ու իրաւասութիւնները, անոնցհաւասարակշռութեան, հակակշիռներու եւ զսպումներու ոչ ամբողջական համակարգը, որուն թերութիւնները ժամանակի ընթացքին իրենց զգացնել տուին:

Նախագահին վերապահուեցան մեծ լիազօրութիւններ, որուն արդիւնքով ան կրնար որեւէ պահուն աշխատանքէն ազատել Վարչապետը, ընդունիլ կառավարութեան հրաժարականը կամ արձակել ժողովուրդի կողմէն ընտրուած՝ առաջնակարգ մանդատ ունեցողխորհրդարանը եւ այլն:

Սակայն մեր նպատակը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական եւ իրաւական պետութեան վերջնական կառուցումն է եւ միջազգային հանրութեան սահուն ինտեգրումը: Մեր զարգացման առաջնահերթութիւնները նկատի առնելով՝ մենք քայլ առ քայլ դարձանքկարգ մը միջազգային կառոյցներու անդամ: Որդեգրեցինք ժողովրդավարութեան, մարդը՝ իբրեւ բարձրագոյն արժէք ճանչնալու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու պաշտպանութեան, շուկայական տնտեսութեան անցման սկզբունքները՝ անդամագրուելովԵւրոխորհուրդին՝ ընդունելով եւ վաւերացնելով Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու մասին Եւրոպական կոնվենցիան եւ այլն:

Եւրոխորհուրդի մէջ ստանձնեցինք պատասխանատւութիւն՝ մեր օրէնքները, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական օրէնքը համապատասխանեցնելու միջազգային չափանիշներուն: Նախագահական կառավարման համակարգէն կիսախորհրդարանական կառավարման անցումկատարելու նպատակով 2003 թուականին մշակուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծ, որ, սակայն, հանրաքուէի արդիւնքներով չընդունուեցաւ:

ՀՀ Սահմանադրութեան շուրջ 10 տարուան գործողութեան ընթացքին ի յայտ եկան մեր օրէնսդրութեան բացերը, սխալները, կառավարման համակարգի խիստ անձնակեդրոն բնոյթը, պետական իշխանութեան մարմիններու միջեւ լիազօրութիւններու անհամաչափբաշխումը։ Այդ ամէնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային պարտաւորուածութիւնները հիմք հանդիսացան նոր սահմանադրական բարեփոխումներու համար:

Սիրելի՛ ընթերցող,

2005 թուականին բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը, անշուշտ, քայլ մը առաջ էր, քանի որ ընդլայնուեցան մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու շրջանակը, ՀՀ կառավարութեան, վարչապետի լիազօրութիւնները, աւելցան խորհրդարանի վերահսկողականգործառոյթները: Սակայն, յետագայ զարգացումները ցոյց տուին, որ կառավարման այս մոտելը եւս իր մէջ կը կրէ վտանգաւոր “ականներ”, կը յարուցէ լուրջ խնդիրներ: Այսպէս, նախագահական բոլոր ընտրութիւններու պարագային ալ (բացառութեամբ 1991 թուականի)հասարակութիւնը պառակտուեցաւ, լուրջ առճակատում յառաջացաւ յաղթող եւ պարտուող թիմերու միջեւ: Ընդամէնը 2-3% տարբերութեամբ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթողը ձեռք կը բերէ մեծ լիազօրութիւններ, իսկ պարտուողը իր հսկայականընտրազանգուածով կը մնայ ձեռնունայն: Հասրակութիւնը կը ճեղքէ երկու հատուածի եւ բաւական բարդ ու երկար կը տեւէ անոր բնականոն հունի մէջ դնելու գործընթացը:

Ժողովրդավարութեան ոսկէ կանոններէն է ընտրուած եւ ձեւաւորուած իշխանութիւններու, պաշտօնատար անձանց նկատմամբ վերահսկողութեան սահմանումը: Սակայն ներկայ Սահմանադրութեամբ հնարաւոր է զայն շրջանցել: Բերեմ օրինակ մը. այսօրուան գործողՍահմանադրութեան պայմաններուն մէջ Նախագահի ինստիտուտը կրնայ անվերահսկելի դառնալ։ Միակ դէպքը, որ հնարաւոր է Նախագահը պաշտօնանկ ընել, Հայրենիքի դաւաճանութեան կամ այլ ծանր յանցագործութեան կատարման համար, որ գործնականօրէնգրեթէ անհնար է, քանզի չի գտնուիր նման Նախագահ, որ պետական դաւաճանութիւն գործէ։ Իսկ խորհրդարանական կառավարման անցնելու պարագային Նախագահը կ’ընտրուի խորհրդարանի կողմէն, անոր հիմնական լիազօրութիւնները կը տրուին վարչապետին, որերկրի մէջ կը դառնայ գլխաւոր դերակատարութիւն ունեցող պաշտօնատար անձ: Սակայն ի տարբերութիւն այս կառավարման ձեւի, առաջարկուող նոր կառավարման համակարգի պարագային ան անվերահսկելի չէ եւ անմիջական պատասխանատւութիւն կը կրէխորհրդարանի առջեւ։ Այս բարեփոխումներու ընդունման պարագային որեւէ ձախողութիւն քննարկման առարկայ պիտի դառնայ խորհրդարանի մէջ եւ կրնայ վարչապետին, կառավարութեան, նախարարին անվստահութիւն յայտնելու հարց յառաջանալ։ Այսպիսով,կառավարման այս մոտելի պարագային հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի բացառելու անվերահսկելիութիւնը, անպատժելիութիւնը, քաղաքական ու սահմանադրական անպատասխանատւութիւնը:

Կ’ուզեմ խօսիլ նաեւ հնարաւոր այլ հակասութեան մը մասին, որ կրնայ յանգեցնել սահմանադրական ճգնաժամի: Գործող կառավարման համակարգի մէջ, եթէ խորհրդարանը եւ Նախագահը միեւնոյն թիմէն են, ապա բնականաբար հակասութիւն չի յառաջանար այս երկուինստիտուտներու միջեւ։ Հնարաւոր է, սակայն, այլ իրավիճակ, որ Հանրապետութեան Նախագահը եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ըլլան տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ եւ իրարու հակոտնեայ: Այս պարագային չի բացառիր, որ երկրի մէջ կրնայյառաջանալ իրավիճակ մը, երբ խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ անոր կողմէն կազմաւորուած կառավարութիւնը, որոշեն չապահովել Նախագահի սահմանադրական լիազօրութիւնները. օրինակ, իբրեւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատար՝ Նախագահը կը պահանջէ մոբիլիզացնելպետական ռեսուրսները երկրի պաշտպանութեան համար, իսկ կառավարութիւնը այդ պահուն նպատակայարմար չի գտներ այդ հարցը լուծել Նախագահի յանձնարարութեան համապատասխան եւ արդիւնքով՝ պետութեան մէջ կրնայ յառաջանալ անլուծելի, անելանելիիրավիճակ մը եւ նման պարագային նոյնիսկ երկրի պաշտպանութեան հարցերուն վտանգ կը սպառնայ: Ակնյայտ է նաեւ, որ հակադիր բեւեռներուն գտնուելով՝ Նախագահը չի կրնար ազատել վարչապետը /վարչապետը կը նշանակուի խորհրդարանականմեծամասնութեան կողմէն վստահութիւն վայելող անձը/, չի կրնար արձակել խորհրդարանը, իսկ խորհրդարանն ալ չի կրնար անվստահութիւն յայտնել Նախագահին, քանի որ ան ընտրուած է ժողովուրդի կողմէն եւ այլն։ Նման ճգնաժամային վիճակներու թուարկումըկարելի է շարունակել:

Ներկայ բարեփոխումները հաշուի առած են նմանատիպ բոլոր դէպքերը, փակուղային իրավիճակներու բերող նորմերը եւ առաջադրուած են նոր կառուցակարգեր, եւ եթէ անցում կատարուի խորհրդարանական կառավարման համակարգ, ապա նման հակասութիւններ կըբացառուին:

Կ’ուզեմ տեղեկացնել, որ 2013 թուականէն սկսեալ Սահմանադրական յանձնաժողովը ուսումնասիրած է հրապարակի վրայ եղած առաջարկները, միջազգային փորձը, քննարկած տարբերակներ, խորհրդակցած միջազգային իրաւունքի լաւագոյն գիտակներու հետ,Եւրոխորհուրդին կից գործող «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) հետ եւ առաջադրած առաւել ամփոփ, առաւել կատարեալ ՀՀ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծ։ Վերջինս հարստացած էհարիւրէ աւելի յօդուածներով, որոնց գերակշռող մասը կը վերաբերի մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն, կառավարման համակարգի փոփոխութեան, դատական իշխանութեան ձեւաւորման կարգին եւ անկախութեան, տարածքային եւ տեղականիշխանութիւններու խնդիրներուն։

Ի վերջոյ, եթէ այս փոփոխութիւններուն «այո» կ’ըսէ ժողովուրդը, անիկա կը նշանակէ, որ ապագային ան պիտի ընտրէ միայն իշխանութեան օրէնսդիր մարմին՝ խորհրդարան, այն ալ համամասնական ընտրակարգով եւ լայն խորհրդարանական վերահսկողականլիազօրութիւններով: Խորհրդարանը, ընտրելով վարչապետն ու երկրի նախագահը, կառավարութեան վրայ կը դնեն երկրի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հետ կապուած բոլոր հարցերու լուծման պատասխանատւութիւնը, ինչն ալ կը յանգեցնէ երկբեւեռութեանվերացման (գործող Սահմանադրութեան մէջ ե՛ւ Նախագահը, ե՛ւ կառավարութիւնը պատասխանատւութիւն կը կրեն):

Նախագիծը կը նախատեսէ խորհրդարանի եւ կառավարութեան միջեւ այնպիսի կառուցակարգեր, որոնք չեն յանգեցներ առճակատման, հակամարտութեան: Անբաւարար աշխատանքի պարագային, ժողովուրդի դժգոհութիւններու ականջալուր խորհրդարանը, կրնայանվստահութիւն յայտնել կառավարութեան, ազատիլ որեւէ անկարող եւ ժողովուրդի կողմէն չընդունուող վարչապետէն, հետեւաբար եւ կառավարութենէն։

Այս փաստաթուղթի կարեւոր առաւելութիւններէն եւ ժողովրդավարութեան խորացման նպաստող էական մօտեցումներէն մէկն ալ այն է, որ խորհրդարանական ընդդիմութեան կը վերապահուին լայն իրաւունքներ, կը տրուի խորհրդարանի նախագահի տեղակալի պաշտօնը,առանցքային շատ որոշումներ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ի վիճակի չ’ըլլար կայացնել, եթէ չհամագործակցի ընդդիմութեան հետ եւ այլն:

Մէկ այլ կարեւոր հանգամանք. Երկրի մէջ ներքին կայունութեան հաստատման, քաղաքական առճակատումներէն խուսափելու լաւագոյն լուծումներէն է, երբ խորհրդարա՛նը կ’ընտրէ Հանրապետութեան Նախագահը: Նախագահը պէտք է ըլլայ անկուսակցական եւիրականացնէ անաչառ իրաւարարի՝ արբիտրի դեր կառավարութեան եւ խորհրդարանի միջեւ՝ հետեւելով երկրի մէջ Սահմանադրութեան պահպանման:

Սիրելի՛ հայրենակից,

Կ’ուզէի նաեւ տեղեկացնել, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու մէջ Սփիւռքին վերաբերող յօդուածը լրամշակուած եւ ամրագրուած է, որ Հայաստանը Սփիւռքի հետ կ’իրականացնէ համակողմանի կապերու ցարգացման եւ ամրապնդման, հայապահպանման ուղղուած քաղաքականութիւն՝ նպաստելով հայրենադարձութեան: Այս յօդուածի մէջ որդեգրուած է նաեւ պետութեան կարեւոր պարտականութիւն մը՝ նպաստելու այլ պետութիւններու մէջ հայոց լեզուի, հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ հայ կրթական եւ մշակութային կեանքի զարգացման։

Ժողովրդավարացման կարեւոր սկզբունքներ որդեգրելով՝ մենք կը ձգտինք զարգացնել ժողովրդավարական ինստիտուտները, լայնցնել եւ խորացնել ժողովրդաիշխանութիւնը՝ ուժեղ եւ պաշտպանուած Հայաստան կառուցելու համար։

Ա՛յն Հայաստանը, որուն կը ձգտի ողջ հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ դուք՝ սիրելի՛ սփիւռքահայեր, ա՛յն Հայաստանը, որ համայն հայութեան Հայրենիքն է։

Սպասենք եւ յուսանք, որ ժողովուրդը ճիշտ կը կողմնորոշուի եւ ապագային միտուած սահմանադրական բարեփոխումները կ’ընդունի ու կեանքի կը կոչէ, սահմանադրական շինարարութիւնը կու տայ սպասուած արդիւնքները, եւ բարեփոխուած Սահմանադրութիւնը կը դառնայ գործող իրողութիւն:

ՀՀ սփիւռքի նախարար՝
Հրանոյշ Յակոբեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+