09 Kasım 2015
Ներկայ Թուրքիոյ տարածքին գտնուող միջնադարեան հայոց մայրաքաղաք Անիէն քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող յայտնի Բագնայրի վանքը տեղացիները որպէս ախոռ կ՛օգտագործեն:
Ըստ News.am-ի՝ քրտական DIHA (Տիճլէ) գործակալութեան թղթակիցը եղած է Կարս նահանգի այն գիւղը, ուր կիսաւէր վիճակի մէջ իր գոյութիւնը կը շարունակէ Վահրամ Պահլաւունիի կողմէ կառուցած Բագնայրի վանքը:
Քիւրտ թղթակիցին զարմացուցած է այն, որ 989 թուականին կառուցուած վանքը պետական պահպանութեան տակ չէ, իսկ գիւղացիներն ալ զայն որպէս ախոռ կ՛օգտագործեն:
Գիւղացիները վանքի քարերը օգտագործած են իրենց տուները, ախոռներն ու ցանկապատերը կառուցելու համար:
Թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին գիւղացիները փորձած են արդարանալ` ըսելով, թէ որ պետութիւնը չի կրնար պահպանել եկեղեցին, իրենք ինչպէ՞ս պահպանեն: