ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

09 Kasım 2015  

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ -

ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան Ծանօթացման Այցելութիւններ

ՀՄԸՄ-ի նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին` քառամեակի սկիզբը անոր հայրական օրհնութիւնը ստանալու համար:

Այցելութեան ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցուեցան ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր ժողովին մասին եւ ներկայացուեցաւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան կազմը:

Վեհափառ հայրապետը շեշտը դրաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան կարեւորութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան ի խնդիր միութեան տարած բեղուն աշխատանքներուն վրայ: Ան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու ՀՄԸՄ-ին` քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելու առումով: Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց երիտասարդութեան դերակատարութեան կարեւորութիւնը բոլոր մարզերուն մէջ:

Կեդրոնական վարչութեան անդամները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին վեհափառ հօր եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմական առաջնորդներուն` անոնց հայրական մօտեցումին համար: Անոնք ներկայացուցին ՀՄԸՄ-ի յառաջիկայ քառամեակի ծրագիրները` կարեւոր նկատելով դէպի 100-ամեակ յառաջացող այս միութեան դերակատարութիւնը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին: Կեդրոնական վարչութիւնը փոխանցեց նաեւ իր պատկերացումը միութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն առնչուող, որոնք պիտի իրագործուին 2018 տարուան ընթացքին:

Վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան` քառամեայ բեղուն գործունէութեան մաղթանքներով:

get2_110815

Ապա, Կեդրոնական վարչութեան անդամները այցելեցին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեանին: Հանդիպումը փոխադարձ ծանօթացման առիթ մըն էր, որուն ընթացքին փոխանցուեցան Կեդրոնական վարչութեան կազմին մասին տեղեկութիւններ եւ վերջին Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն մանրամասնութիւնները:

Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան նաեւ նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն պատկերացումը, եկեղեցի-ՀՄԸՄ անքակտելի կապն ու յառաջիկայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+