09 Kasım 2015
Կիրակի, 8 նոյեմբեր 2015-ին, վեհարանի դահլիճին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեանը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, որ ներկայացուց պարգեւատրեալին մտաւորական արգասիքը եւ կրթական վաստակը: Դոկտ. Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին` մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարաններուն մէջ, 1986-2005` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, 2002-ին եւ 2006-ին իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանի Արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ: 2010-ին Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսած է «Հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ եւ 2011-ին դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներուն մէջ: Դոկտ. Տատոյեանի «Ֆաթիմիական հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ» գործերը կը նկատուին ամբողջովին նոր վերլուծումներ, որոնք միջինարեւելեան միջավայրին մէջ կը վերարժեւորեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւններն ու դերը: Դոկտ. Տատոյեան հեղինակ է 10-է աւելի հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց փրոֆ. Տատոյեանի լուրջ մտաւորականի, քննական ու վերլուծող միտքի արժանիքները:
Փրոֆ. դոկտ. Սեդա Տատոյեան իր սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին այս պատիւին արժանացնելուն համար: