09 Kasım 2015
6 նոյեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Էնթընի Պլինքընի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուած է երկկողմանի յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին առնչութեամբ, կողմերը կարեւոր նկատած են յունուար 2015-էն սկսեալ ուժի մէջ մտած այցեգիրներու դրութեան դիւրացման մասին համաձայնութիւնը եւ մայիսին ստորագրուած Առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիրը:
Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ամերիկեան տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն, միտքեր փոխանակուած են յառաջիկային նախատեսուած հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնախումբի նիստին եւ Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերիկեան խորհուրդի անդրանիկ հանդիպումին կազմակերպման մասին:
Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էր միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ սեպտեմբերին խաղաղապահութեան նուիրուած վեհաժողովին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին մասնակցութեան առիթով եւ գոհունակութիւն յայտնած խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի աշխուժ ներգրաւուածութեան համար:
Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ:
Անդրադարձ կատարուած է շարք մը շրջանային եւ միջազգային հարցերու: