Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

06 Kasım 2015  

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայ -

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայ Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Փութին. «Սուրիոյ Մէջ Մեր Գլխաւոր Նպատակը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարն Է»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թերփենթ քաղաքի հիմնադրութեան 2000-ամեակին առիթով Տաղստանի մէջ գիտական, մշակութային, կրօնական եւ ընկերային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ռուսիոյ գլխաւոր նպատակը, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է, եւ ոչ ոք կրնայ վախցնել Ռուսիան»` աւելցնելով. «Ատիկա հեռանկար չունի եւ ոչ ոք կրցած է ընդհանրապէս ռուս ժողովուրդը եւ մասնաւորաբար Տաղստանը վախցնել»:

Ռուսիոյ նախագահը նշեց. «Մենք պատրաստ ենք գործակցելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարող բոլոր ուժերուն հետ` անկախ անոնց յարանուանական պատկանելիութենէն, եւ ատիկա աշխուժ կերպով կը կատարենք»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Վիեննայի բանակցութիւնները ձախողած են լուծել Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին շուրջ տարակարծութիւնները, սակայն միւս կողմէ շեշտեց, որ Թուրքիան, Եւրոպայէն օժանդակութիւն ստանայ կամ ոչ, պիտի շարունակէ տեղահանուածներուն նկատմամբ բաց դռներու քաղաքականութիւն կիրարկել:

Միւս կողմէ, Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Փութին Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Սուրիոյ թղթածրարը եւ նշեց, որ երկու երկիրներու նախագահները երկխօսութեան կարեւորութիւնը շեշտած են:

Lenta.ru կայքը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անաթոլի Անթոնով յայտնած է, որ ռուսական օդուժին կողմէ Սուրիոյ մէջ կատարուած գործողութիւնները պիտի շարունակուին, մինչեւ որ սուրիական բանակը աւարտէ ահաբեկիչներուն դէմ իր յարձակումը` ընդգծելով, որ ռուսական կողմին գործողութիւնները օրինական են:

Անթոնով անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ ռուսական օդուժը կը հարուածէ բացառապէս ահաբեկիչները` չվնասելով սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն:

Ան նաեւ նշած է, որ ներկայիս ՏԱՀԵՇ-ի շարքերուն մէջ կը կռուին 25-30 հազար օտարերկրացիներ, որոնց շարքին` նաեւ Ռուսիոյ քաղաքացիներ: «Եթէ անոնք վերադառնան տուն` իրենց հետ բերելով բռնութեան եւ ծայրայեղականութեան գաղափարները, ապա պիտի սկսին քարոզել եւ տարատեսակ խափանարարական արարքներ կազմակերպել», զգուշացուցած է ան` ընդգծելով, որ Ռուսիոյ հիմնական նպատակներէն մէկը դէպքերու այդպիսի զարգացումը կանխարգիլելն է:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական բանակի սպայակոյտի անդամներէն զօրավար-գնդապետ Անտրէյ Քարթոփոլով յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու օդուժերը կատարած են անձնակազմի եւ վերգետնեայ ծառայութիւններու գործողութիւններու միացեալ ռազմափորձ` Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ օդանաւերու` իրարու վտանգաւոր կերպով մօտենալու դէպքերուն առնչութեամբ: Ան յիշեցուցած է, որ միջազգային հակաահաբեկչական դաշինքի փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ սերտօրէն կը համագործակցին իրենց ամերիկացի գործընկերներուն հետ:

Ան նշած է, որ մշակուած են տագնապի, կազմակերպման եւ փոխադարձ գործակցութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ օդուժի եւ Միացեալ Նահանգներու օդուժի գործողութիւններու ռազմավարական կեդրոնին միջեւ տեղեկատուութեան փոխանակման, արագ արձագանգող խումբերու եւ կառավարման կէտերու փոխադարձ գործակցութեան խնդիրները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+