03 Kasım 2015
Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 26-րդ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան երկրին յառաջատար երեք կուսակցութիւններէն երեք հայ երեսփոխաններ:
Պոլսոյ 2-րդ ընտրատարածքէն երեսփոխան ընտրուած են երկու հայ թեկնածուներ` իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած պոլսահայ լրագրող Մարգար Եսայեան եւ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կողմէ յառաջադրուած իրաւաբան Սելինա Տողան:
Պոլսահայ համայնքի ամէնէն աշխուժ գործիչներէն մէկը` Կարօ Փայլան, որ յառաջադրուած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ, ընտրուած է Պոլսոյ 3-րդ ընտրատարածքէն: Այսպիսով, նախորդ` 25-րդ խորհրդարանին նման 26-րդն ալ պիտի ունենայ 3 հայ երեսփոխաններ:
Նաեւ` 82 Կիներ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանին մաս կը կազմեն 82 կին երեսփոխաններ, որոնք կը կազմեն խորհրդարանի երեսփոխաններուն 15 առ հարիւրը:
1 նոյեմբերի խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններէն ետք 550 աթոռներ ունեցող թրքական խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ունենայ 33 կին երեսփոխան, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` 22, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` 24, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը` 3:
7 յունիս 2015-ի ընտրութիւններուն ընթացքին ընտրուած էր 97 կին երեսփոխան: