02 Kasım 2015
Լիբանանի «Forum De Beyrouth» սրահին մէջ Հոկտեմբեր 29–ին, 30–ին, 31–ին եւ Նոյեմբեր 1–ին ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիկ նուագախումբ ու երգչախումբը կը հնչեցնէր բոլոր ժամանակներու հայկական սիրուած երգերը: Այս մասին կը յայտնէ «Գոհար» խումբի մամլոյ ծառայութիւնը:
Համերգներուն շարքը կազմակերպուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով եւ ընտրուած էր խորհրդանշական 100 ստեղծագործութիւն, որ պէտք է լիբանանահայութեան մատուցանուէր համերգային չորս օրերու ընթացքին:
«Տլէ եաման», «Խիոյ, խիոյ», «Կիլիկիա», «Զարթիր լաօ», «Հորովել», «Մոկաց հարսներ», «Հայրենիք» ու տասնեակ այլ ստեղծագործութիւններուն կ՛ուղեկցէին լուսային ու գունային գեղեցիկ ներգործութիւններով:
Նուագախումբին ու երգչախումբին մասնակիցները, պարուհիները եւ 16 մենակատարները, որոնց շարքին` Արաքսիա Ամիրխանեան, Արմէն Դաւթեան, Գրիգոր Աբրահամեան, Գէորգ Խաչատրեան, Դաւիթ Խաչատրեան, Էդգար Դանիէլեան, Էլեայ Թաշչեան, Լիաննա Թէւոսեան, Յասմիկ Թորոսեան, Հայկ Տիգրանեան, Մարգար Եղիազարեան, Մերի Մնջոյեան, Մոնիքա Մանուչարովա, Սարգիս Աղամալեան, Սերկէյ Սարգսեան եւ Վարդան Բադալեանը համերգներու ընթացքին բազմիցս ոգեւորեցին ու յուզեցին ներկաներ:
Բոլոր անոնք, որոնք հնարաւորութիւն չեն ունեցած ներկայ գտնուելու ԳՈՀԱՐ–ի լիբանանեան համերգներու շարքին, զայն վայելեցին Առաջին ալիքի արբանեակային ուղիղ հեռարձակմամբ եւ առցանց:
Ի դէպ, համերգներէն դեռ օրեր առաջ համերգներուն բոլոր տոմսերը սպառած են։