Գերմանիոյ Մէջ Ստեղծուած Է Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Ժողովուրդներու Կազմակերպութի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

02 Kasım 2015  

Գերմանիոյ Մէջ Ստեղծուած Է Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Ժողովուրդներու Կազմակերպութի -

Գերմանիոյ Մէջ Ստեղծուած Է Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Ժողովուրդներու Կազմակերպութի Գերմանիոյ Մէջ Ստեղծուած Է Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Ժողովուրդներու Կազմակերպութիւն Մը

Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու սերունդները Գերմանիոյ մէջ կազմակերպութիւն մը ստեղծած են`«ՀՀԱԴԵՔԱ» անունով: NEWS.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին Հոկտեմբեր 31-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Գերմանիոյ հայ ակադեմիկոսներու միութեան նախագահ Ազատ Օրտուխանեան, որ նաեւ նորաստեղծ կազմակերպութեան փոխնախագահն է:

Անոր խօսքով, կազմակերպութեան անուանումը պայմանաւորուած է այդ ժողովուրդներու անուններով ` հայեր, յոյներ, ասորիներ, տերսիմցիներ (զազաներ – ArmenianGenocide100.org), եզտիներ, քիւրտեր, ու ալեւիներ: Ըստ Ազատ Օրտուխանեանի ` կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակը պիտի ըլլայ բոլոր ցեղապանութիւններու ճանաչումն ու այդ ժողովուրդներու պատմական եւ մշակութային իրաւունքներու վերականգնումը:

«Նախագահ ընտրուած է մեր ընկերը ` Պոնտոսի յոյներու կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ Իլիաս Մաւրիկասը: Մենք մէկ ընտանիքի նման կրցած ենք հասկնալ զիրար ու միաւորուիլ: Կը կարծեմ, որ կազմակերպութիւնը դեռ կը նշանաւորուի իր գործերով»,- շեշտած է ան: Մօտ օրերս, աւելցուցած է Ազատ Օրդուխանեան, կազմակերպութիւնը պիտի աձանագրուի Քէոլնի առաջին ատեանի դատարանին մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+