Վաղը Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութեան Մեծ Աճ Կը Նախատեսուի - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

31 Ekim 2015  

Վաղը Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութեան Մեծ Աճ Կը Նախատեսուի -

Վաղը Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութեան Մեծ Աճ Կը Նախատեսուի Վաղը Թուրքիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցութեան Համեմատութեան Մեծ Աճ Կը Նախատեսուի

Փերինչեք Ընտրութիւններուն Քուէներ
Ստանալու Համար Կը Շահարկէ Տինքի Անունը
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Տողու Փերինչեքի ղեկավարած «Վաթան» կուսակցութիւնը սկսած է շահարկել Հրանդ Տինքի անունը` ընտրութիւններուն քուէներ ստանալու համար:

Կուսակցութիւնը փողոցներուն մէջ կը փակցնէ պաստառներ Հրանդ Տինքի լուսանկարով եւ կը մէջբերէ ժամանակին Միացեալ Նահանգներու մասին անոր հետեւեալ խօսքը. «Այս Ամերիկան կու գայ իր հաշիւները կ՛ընէ, իր գործին կը նայի, իսկ երբ գործը կ՛աւարտի, կը քաշուի, կ՛երթայ»:

Յիշեցնենք, որ վաղը Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ:

Թուրքիոյ մէջ օգտագործուելու նպատակով տպագրուած է 75 միլիոն 288 հազար 955 քուէաթերթիկ: Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի 54 միլիոն 49 հազար 940 մարդ, իսկ արտասահմանի մէջ` 2 միլիոն 899 հազար քաղաքացի:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ըստ ընտրական կեդրոնական մարմինի եւ հարցախոյզի ընկերութիւններու տեղեկութեանց, գոյութիւն ունի այն մեծ հաւանականութիւնը, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցութեան համեմատութիւնը մեծ աճ արձանագրէ:

Ըստ հարցախոյզի ընկերութիւններուն, այդ համեմատութիւնը պիտի ըլլայ 86 առ հարիւր, իսկ ըստ ընկերային եւ քաղաքական հետազօտութեանց «Քոնտա» ընկերութեան` 91 առ հարիւր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+