ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

31 Ekim 2015  

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը -

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Որոշումը

29 հոկտեմբեր 2015-ին Փարակուէյ վերածուեցաւ հարաւամերիկեան եօթներորդ երկրին, որ օրէնսդիր իշխանութեան մակարդակով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հակառակ դիւանագիտական աշխուժ լոպիինկին, որ թուրք-ազրպէյճանական ժխտողականութիւնը գործի դրած էր մայրաքաղաք Ասունսիոնի մէջ վերջին քանի մը տարիներուն եւ բազմացուցած իր ճիգերը մասնաւորաբար 100-րդ տարելիցի նախօրեակին»:

Այս բառերով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ յայտարարութեամբ մը ողջունեց Փարակուէյի Ծերակոյտին որոշումը, որ Յառաջդիմական ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Տեզիրէ Մասիի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած էր եւ արժանացած օրէնսդիր մարմինի միաձայն հաւանութեան:

«100-րդ տարելիցին, Հայ դատի յանձնախումբը վեր կ’առնէ քաջութիւնը, ճիգն ու յանձնառութիւնը բոլոր անոնց, որոնք այս որոշման ետին կանգնեցան եւ պատմական ճշմարտութեան ճանաչումը գերադասեցին ժխտողականութեան ճնշումներէն: Փարակուէյ կամովին կը միանայ ճշմարտութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան կամար միջազգային պայքարին եւ կը դառնայ դրօշակիրներէն մէկը այդ պայքարին ներկայ եւ զօրավիգ Հարաւային Ամերիկային», կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Այս որոշումով, կ’եզրափակէ Հայ դատի յանձնախումբը, Փարակուէյ, Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Չիլիի, Պրազիլի, Պոլիվիոյ եւ Վենեզուելայի քոյր հանրապետութիւններուն կողքին «կարեւոր ներդրում մը կը կատարէ պատմական արդարութեան վերահաստատման, մարդկութեան դէմ ոճիրներու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխատեսումին, ինչպէս նաեւ ամէն ձեւի ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազնիւ դատին»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+