Սուրիոյ Մէջ 13.5 Միլիոն Մարդ Մարդասիրական Օգնութեան Եւ Պաշտպանութեան Կարիք Ունի - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

31 Ekim 2015  

Սուրիոյ Մէջ 13.5 Միլիոն Մարդ Մարդասիրական Օգնութեան Եւ Պաշտպանութեան Կարիք Ունի -

Սուրիոյ Մէջ 13.5 Միլիոն Մարդ Մարդասիրական Օգնութեան Եւ Պաշտպանութեան Կարիք Ունի Սուրիոյ Մէջ 13.5 Միլիոն Մարդ Մարդասիրական Օգնութեան Եւ Պաշտպանութեան Կարիք Ունի

Սուրիոյ մէջ շուրջ 13.5 միլիոն մարդ մարդասիրական օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունի: Այս մասին Հոկտեմբեր 30-­ին նշած է ՄԱԿ-­ի մարդասիրական հարցերով գրասենեակի պաշտօնական ներկայացուցիչ Հենս Լարքէն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-­ը` վկայակոչելով ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Օգնութեան եւ պաշտպանութեան կարիք ունեցողներէն աւելի քան 6 միլիոնը երեխաներ են»,-­ նշած է ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, որ տասը ամիս առաջ այդ թիւը կը կազմէր 1.2 միլիոն, եւ ատկէ ետք կարիքաւորներուն թիւը կտրուկ բարձրացած է:

Անոր խօսքով` Սուրիոյ մէջ մօտ 6.5 միլիոն մարդ գաղթականներ են երկրին մէջ: Աւելի քան 4.2 միլիոն սուրիացիներ լքած են իրենց երկիրը` դառնալով փախստականներ:

«Աւելի քան 11 միլիոն մարդ Սուրիոյ մէջ առողջապահական օգնութեան կարիք ունի, իսկ շուրջ ինը միլիոնը հնարաւորութիւն չունին սնունդի հիմնական կարիքները հոգալու համար»,-­ նշած է Լարքէն` աւելցնելով, որ կարիքաւորներուն օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը չափազանց սահմանափակ է, քանի որ 4.5 միլիոն մարդ կը գտնուի այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր դժուար է մուտք գործել:

Գրասենեակին տեղեկացմամբ, 393 հազար 700 սուրիացիներ կը բնակին շրջափակուած տարածքներու մէջ: Այս տարի անոնցմէ օգնութիւն ստացած է միայն 0.5 տոկոսը, եւս 3.6 տոկոսը առողջապահական օգնութիւն ստացած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+