Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

26 Ekim 2015  

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան -

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ` Լիբանանահայ 100 Մանուկներ Մկրտուեցան

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, երէկ` կիրակի, 25 հոկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Լիբանանի թեմի եկեղեցիներուն մէջ` Ս. Աստուածածին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Սարգիս, Ս. Նշան, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Յարութիւն (Ժունիէ), Սրբոց Վարդանանց, Ս. Գէորգ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եւ Ս. Յակոբ, տեղի ունեցաւ 100 մանուկներու մկրտութիւն` սրբալոյս նոր միւռոնով: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետը ստանձնած էր կնքահօր պաշտօնը, իսկ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհին` կնքամօր:

Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մկրտուեցան 10 մանուկներ: Սոյն հաւաքական մկրտութեան նախագահեց եւ նոր միւռոնով մանուկները օծեց` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Արարողութեան աւարտին սրբազանը իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն` յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ծրագրած են կատարել հաւաքական մկրտութիւն, որպէսզի այդ մկրտութեամբ քիչ մը աւելի մօտենանք Աստուծոյ, եւ Աստուած քիչ մը աւելի մօտենայ մեր կեանքին ու մեր ընտանիքին: Ան ըսաւ, որ սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ կը զոհենք մեր յիշողութենէն, մեր ժառանգած ազգային արժէքներէն, նաեւ պարբերաբար կը զոհենք քրիստոնէական մեր աւանդներէն եւ կը հեռանանք մեր եկեղեցիներէն եւ կառոյցներէն` մոռնալով, որ այդ բոլորը կ՛ապահովեն մեր հաւաքականութեան գոյութիւնը: Անդրադառնալով մկրտութեան կարգին, սրբազանը բացատրեց, որ այդ երեւոյթը դարաւոր անցեալ ունի մեր ժողովուրդին համար, իսկ Ս. Միւռոնը մեր ինքնութեան, մեր ազգային նկարագիրին եւ մեր էութեամբ շաղախուած սրբութիւն է: Ան մաղթեց, որ նոր միւռոնին միջոցով Աստուած նորոգէ մեր կեանքը, նոր գիտակցութիւն եւ հոգի հաստատէ մեր մէջ, մեր զաւակներուն դիմաց նոր առիթներ բանայ, որպէսզի անոնք կեանքի դժուարութիւնները նուաճելով առիթ ունենան բարձրանալու եւ դառնալու ժառանգորդները զիրենք կանխող այն ընտիր սերունդներուն, որոնք մեզի պարգեւեցին ազգային մշակոյթ եւ ազգային նկարագիր:

Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ կեանքը շարունակաբար պայքար կ՛ենթադրէ, եւ անոնք, որոնք կը պայքարին, կը յաղթահարեն կեանքի դժուարութիւնները եւ կը հասնին ցանկալի հորիզոններու: Այս առիթով ան մաղթեց ներկաներուն, որ իրենք եւս իրենց կեանքին մէջ ծագած բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեն, եւ Աստուած իրենց զօրակից ըլլայ, սրբութեամբ լեցնէ իրենց ընտանեկան յարկերը, նորոգէ իրենց կամքը, զօրացնէ զիրենք կեանքի պայքարին համար եւ արժանաւոր զաւակները դարձնէ հայ ազգին ու Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+