26 Ekim 2015
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ամբաստանեց հիւսիսային Սուրիոյ տիրել փորձելու յանցանքով` շեշտելով, որ «որեւէ պարագայի» կարելի չէ արտօնել, որ հիւսիսային Սուրիան «անոնց ծրագիրներուն զոհը դառնայ», որովհետեւ այդ մէկը Թուրքիոյ ուղղուած սպառնալիք մըն է:
«Ոմանք նպատակ ունին տիրել հիւսիսային Սուրիոյ, եւ ես յստակ կերպով կ՛ըսեմ, թէ պիտի չարտօնենք, որ հիւսիսային Սուրիան ձեր ծրագիրներուն զոհը ըլլայ, որովհետեւ այդ մէկը մեզի համար սպառնալիք է, ուստի անկարելի է, որ Թուրքիա նման բան ընդունի», ըսաւ Էրտողան:
Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց. «Անիմաստ է Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան մէջ ահաբեկչական Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան 1400 զինեալներու ներկայութեան աչք խփելը, սակայն դժբախտաբար կարգ մը երկիրներ, որոնք իրենք զիրենք իբրեւ Թուրքիոյ բարեկամ ցոյց կու տան, ճիշդ այդ մէկը կը կատարեն եւ կուսակցութեան զէնք կը տրամադրեն, իսկ մենք շատ լաւ գիտենք, թէ այդ զէնքերը ո՛ր երկիրներուն կը պատկանին»: