Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

26 Ekim 2015  

Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր -

Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի, տեղի ունենալիք հանրաքուէին, ինչպէս նաեւ անոր արդիւնքի հիման վրայ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հաստատումէն ետք ակնկալուող օրէնսդրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցեր քննարկած է «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նախագահ Ճանի Պուքիքիոյին հետ: 23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին մասնակցած է նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովի բիւրոյի անդամ Գագիկ Յարութիւնեան:

Հանդիպումին ընթացքին Գալուստ Սահակեան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովին ցուցաբերած մասնագիտական մեծ աջակցութեան համար: Խօսելով Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն վերաբերող հանրաքուէին մասին` Ազգային ժողովի նախագահը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ պիտի ընեն հանրաքուէն ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կազմակերպելու համար: «Ես վստահ եմ, որ հանրաքուէն դրական ելք պիտի ունենայ, որովհետեւ արդէն սկսած «ոչ»-ի քարոզարշաւին մէջ նախագիծի բովանդակային մասով որեւէ իրական քննադատութիւն նկատելի չէ», նշած է Գալուստ Սահակեան:

Խորհրդարանի նախագահը Ճանի Պուքիքիոյին տեղեկացուցած է նաեւ, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք անհրաժեշտութիւն պիտի յառաջանայ փոխելու շուրջ երեք հարիւր օրէնք, որոնցմէ առանցքային են Ընտրական օրէնսգիրքն ու «Կուսակցութիւններու մասին» օրէնքը: «Մենք կ՛ակնկալենք Վենետիկի յանձնաժողովի գործուն աջակցութիւնը նաեւ այս հիմնական օրէնքներու նախագիծերու կազմութեան աշխատանքներուն մէջ», իր խօսքին մէջ նշած է Գալուստ Սահակեան: Ան Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահին տեղեկացուցած է, որ իշխող քաղաքական ուժը արդէն կը պատրաստուի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւին, որուն ընթացքին առաջարկուող նախագիծին մասին յօդուած առ յօդուած պիտի իրազեկուի հանրութիւնը: Ճանի Պուքիքիոն անգամ մը եւս փաստած է, որ առաջարկուող նախագիծը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէ ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշներուն:

«Այսօրուան նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած բազմաթիւ հարցերուն կարգին է Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցը, որովհետեւ նիստի բոլոր մասնակիցները համոզուած են, որ մենք լաւ արդիւնք ստացած ենք», նշած է Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահը: Ան վստահեցուցած է, որ յանձնաժողովը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրական հետագայ աշխատանքներուն, մասնաւորապէս Ընտրական եւ Դատական օրէնսգիրքերու, տեղական ինքնակառավարման ու կուսակցութիւններուն վերաբերող օրէնքներու նախագիծերու մշակման գործընթացներուն: Վենետիկի յանձնաժողովի բիւրոյի անդամ Գագիկ Յարութիւնեանն ալ Գալուստ Սահակեանին տեղեկացուցած է, որ նշուած նախագիծերուն շուրջ աշխատանքները պիտի իրականացուին նոյն սկզբունքով, ինչպէս որ էր Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի պարագային, այսինքն` Վենետիկի յանձնաժողովը այս պարագային ալ պիտի ունենայ մասնագիտական մասնակցութիւն: Հանդիպումի աւարտին Ճանի Պուքիքիոն նշած է. «Համոզուած եմ, որ հայ ժողովուրդը խոհեմ պիտի գտնուի եւ պիտի քուէարկէ ի նպաստ առաջարկուող նախագիծին»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+