26 Ekim 2015
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան 23 հոկտեմբերին մասնակցած է Եւրոպական խորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն` իրաւունքի միջոցով» յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) նիստին, որուն ընթացքին հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծի 1-էն 7 եւ 10 գլուխներուն վերաբերեալ նախնական եզրակացութիւնը, 8, 9 եւ 11-էն 16 գլուխներուն վերաբերեալ երկրորդ նախնական եզրակացութիւնը, որոնք պատրաստուած էին յանձնաժողովի անդամներուն նկատառումներուն հիման վրայ:
Անդրադառնալով Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներուն` Վենետիկի յանձնաժողովի անդամներ Տ. Խապրիեւան, Ե. Թանչեւը, Ս. Պարթոլեն եւ Ա. Էնտինչը բարձր գնահատած են Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծը` զայն բնութագրելով իբրեւ ժողովրդավարութեան միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող փաստաթուղթ:
Վենետիկի յանձնաժողովի լիագումար նիստին, որուն մասնակցած են վաթսուն երկիրներու ներկայացուցիչներ, միաձայնութեամբ հաստատուած են մասնագէտներու խումբին կողմէ ներկայացուած եզրակացութիւնները: