Բերիոյ Հայոց Թեմի Եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները Այցելեցին Հալէպի Հայկական Ծերանոց - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

23 Ekim 2015  

Բերիոյ Հայոց Թեմի Եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները Այցելեցին Հալէպի Հայկական Ծերանոց -

Բերիոյ Հայոց Թեմի Եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները Այցելեցին Հալէպի Հայկական Ծերանոց Բերիոյ Հայոց Թեմի Եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդները Այցելեցին Հալէպի Հայկական Ծերանոց

Երկուշաբթի՝ 21 Հոկտեմբեր 2015-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հալէպի Հայ Ծերանոց այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանն ու Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:

Շահան Սրբազանն ու Գերապայծառ Միրիաթեանը Ծերանոցի շէնքին մուտքին դիմաւորուեցան Հայ Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեանի եւ Խնամակալութեան փոխ-ատենապետ Պատ. Սիմոն Տէր-Սահակեանի կողմէ, որմէ ետք երկու պատսպարեալներ Ծերանոցի դրան մուտքին ծաղկեփունջեր յանձնեցին երկու առաջնորդներուն:

Գերշ. Տ. Շահանն ու Արհի. Տ. Պետրոս առաջնորդները տնօրէնութեան սենակը ընդունուեցան: Ներկայ էին Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի անձնակազմը:

Հայ Ծերանոցի Մեծ ընտանիքի կողմէ բարի գալուստի խօսքեր արտասանուելէ ետք առաջնորդները շրջագայութեան սկսան նախ պատսպարեալներու սենեակները մուտք գործելով, ծանօթանացան պատսպարուած մամիկներուն եւ պապիկներուն կացութեան առանցին-առանցին զրոյցներ ունեցան եւ անոց մասին տեղեկութիւններ ստացան: Առաջնորդները մխիթարական եւ քաջալերական խօսքերով խրախուսեցին պատսպարեալները, ինչպէս նաեւ օրհնութեան եւ փառաբանութեան աղօթքներ վեր բարձրացուցին:

Շրջագայութիւնը շարունակուեցաւ գրեթէ ամբողջ Ծերանոցի սենեակները, Խնամակալութեան եւ Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի նոր պատրաստուած եւ կահաւորուած սենեակները, պահեստանոցները, խոհանոցը, լուացքի սենեակը, հանդերձարանները: Ինչպէս նաեւ սրահը, որ կը պատրաստուի Մատուռի եւ հաւաքատեղիի համար: Ծերանոցի տնօրէն Տիար Աւօ Գաթրճեան մանրամասն եւ ամբողջական տեղեկութիւններ տուաւ Ծերանոցի պատսպարեալներուն, սենեակներուն, առողջապահական վիճակի, կենցաղային դժուարութիւններու, անձնակազմի եւ տեղի ունեցած նորոգութիւններու ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Տնօրէն Գաթրճեան, Առաջնորդներուն ինչպէս նախապէս ալ տեղեկացուցած էր, բարերարներու կատարած նուիրատուութիւններու մասին այս հանդիպումին ալ բաձատրութիւններ տուաւ, որ այդ բարերարներուն կատարած նուիրատուութիւնները իրենց նպատակին կը ծառայեն անշահախնդիրօրէն եւ այդպիսով հաստատութեան կարիքները իր կատարելագործումին կը հասնի, քանի որ սուրիական պատերազմի այս օրերուն արդէն թէ՛ բարերարները, թէ՛ բարերարներու նուիրատուութիւնները մեծ անկում կրած են: Միւս կողմէ, վերջին պայթումներու պատճառով վնասուած բաժիններուն ալ ականատես եղան Առաջնորդները:

Շրջագայութենէ ետք հիւրերը ընդունուեցան Ծերանոցի փոքր սրահը, ուր յիշատակի լուսանկարներ նկարուեցան, որմէ ետք բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան` կազմակերպութեամբ Հայ Ծերանոցի Տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին:

Պէտք է նշել, որ նկատելի էր նաեւ Ծերանոցի եւ պատսպարեալներու մաքրութիւնը, որուն մեծ բաժինը կ՛երթայ Հայ Ծերանոցի պաշտօնեաներուն, որ իրենց նուիրական աշխատանքը կը կատարեն ամէնայն պարկեշտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, քանի որ մարդասիրական եւ Աստուածահաճոյ գործ մըն է, զոր կը կատարեն եւ անոնք են, որ իրենց վերաբերմունքով մեծ դերակատարութիւն ունին Հայ Ծերանոցի անունը բարձր պահելու մէջ:
Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանն ու Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը Աղօթքներով, լաւագոյն տպաւորութիւններով, յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած մեկնեցան Հայ Ծերանոցէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+