23 Ekim 2015
Թուրքիոյ սահմանակից սուրիական Թել Ապեատ քաղաքին մէջ, որ Յունիսին ազատագրուած էր «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներէն, յայտարարուած է ժողովրդավարական ինքնավարութիւն: Ըստ Ermenihaber.am-ի` քաղաքին մէջ տեղական ինքնակառավարում կազմակերպելու նպատակով՝ տեղի արաբ, քիւրտ թուրքմէն եւ հայ բնակչութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած խորհրդարան հիմնուած է: Խորհրդարանը ունի 7 արաբ, 4 քիւրտ, 2 թուրքմէն եւ 1 հայ ներկայացուցիչ:
Թրքական «Hurriyet»ի համաձայն` Թել Ապեատի ղեկավարութիւնը քաղաքականապէս պիտի ենթարկուի Սուրիոյ Քոպանի քրտական վարչատարածքային միաւորման:
Կը նշուի, որ ժողովրդավարական ինքնավարութիւն ստեղծելու պատրաստութիւնները սկսած էին դեռ քրտական «Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան» (ԺՄԿ-PYD) ռազմական թեւի` «Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժեր»-ու (ԺՊՈւ-YPG) եւ սուրիական որոշ ընդիմադիր խմբաւորումներու կողմէն քաղաքը ԻՊ-էն ազատագրելէն յետոյ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Սուրիոյ ամենաազդեցիկ քրտական քաղաքական ուժը հանդիսացող PYD-ի ռազմական թեւ YPG–ը բազմիցս մեղադրած են Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (PKK-ՔԲԿ) ազդեցութեան տակ ըլլալու մէջ: