Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը. Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թու - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

23 Ekim 2015  

Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը. Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թու -

Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը. Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թու Մինչ Էրտողան Կ՛ամբաստանէ ՏԱՀԵՇ-ը, Սուրիական Գաղտնի Սպասարկութիւնն Ու Քիւրտերը. Պաշտօնական Փաստաթուղթ Մը Թուրքիոյ Ոստիկանութեան Անգարայի Ահաբեկչութեան Մասին 20 Օր Առաջ Տեղեակ Ըլլալուն Մասին Կը Վկայէ

Թրքական «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանը հրապարակած է պաշտօնական փաստաթուղթ մը, որ կը վկայէ, թէ թրքական ոստիկանութիւնը նախապէս տեղեակ եղած է 10 հոկտեմբերին Անգարայի հաւաքին դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան մասին:

«Ֆոքս»-ի հաղորդման մէջ կ՛ըսուի, որ Թուրքիոյ Թունճելի նահանգի անվտանգութեան տնօրէնութիւնը 17 սեպտեմբերին ՏԱՀԵՇ-ի` քաղաքներու եւ բնակավայրերու մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ նախապատրաստելուն մասին պաշտօնական շրջաբերական մը ուղարկած է Թուրքիոյ ոստիկանական բոլոր բաժանմունքներուն:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ «կենդանի ռումբերը» կը պատրաստուին իրենք զիրենք պայթեցնել հանրահաւաքներու ընթացքին:

Պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ կ՛ըսուի, որ ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական մեծ գործողութիւն կատարելու որոշում տուած է: «Ծրագրուած ահաբեկչական գործողութիւնը պիտի կատարուի օդանաւ կամ նաւ առեւանգելու, կամ ալ` մեծ հանրահաւաքներէն մէկուն ընթացքին քանի մը «կենդանի ռումբերու» իրենք զիրենք պայթեցնելով սարսափելի կոտորած իրագործելու միջոցով», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

10 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ քիւրտ, քրտամէտ եւ ձախակողմեան ուժերու կողմէ կազմակերպուած հանրահաւաքի մը դէմ անձնասպանական 2 գործողութիւններ 106 զոհ եւ աւելի քան 250 վիրաւոր խլած էին:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այն համոզումը յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, քիւրտ զինեալներ եւ սուրիական գաղտնի սպասարկութեանց սպաներ բոլորն ալ մասնակցութիւն ունեցած են երկակի յարձակումին մէջ, որ այս ամիս Անգարայի մէջ աւելի քան 100 զոհ խլեց»:

«Թուրքիոյ Ոստիկանութիւնը Տեղեակ Եղած Է
Պատրաստուող Ահաբեկչութեան Մասին,
Սակայն Քայլերու Չէ Ձեռնարկած»
Կ՛ըսէ Քըլըճտարօղլու

Նախքան այդ` Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու թրքական «Սամանեոլու Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին մեղադրած էր երկրին կառավարութիւնը Անգարայի մէջ վերջերս գործուած ահաբեկչական գործողութեան հետ կապուած ՏԱՀԵՇ-ի մեղսակցութեան մէջ:

«Ինչո՞ւ 102 մարդ զոհուեցաւ: Ինչո՞ւ չեն հետեւիր ահաբեկիչներուն, որոնք նախապէս գտնուած են հսկողութեան տակ եւ գաղտնալսուած են: Ես համոզուած եմ, որ ոստիկանութիւնը տեղեակ եղած է պատրաստուող ահաբեկչական գործողութեան մասին: Միակ պատճառը, որ անվտանգութեան միջոցառումներու չեն ձեռնարկուած եւ ահաբեկիչները չեն ձերբակալուած, բացակայութիւնն է յանձնարարականներու իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կ՛ապահովեն ՏԱՀԵՇ-ի պաշտպանութիւնը», յայտարարած էր Քըլըճտարօղլու:

Անգարայի դատախազութիւնը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ Անգարայի մէջ անձնասպանական գործողութիւն կատարողներէն մէկը Եունուս Էմրէ Ալակէօզն է, որ ընթացիկ տարուան յուլիսին Ուրֆա նահանգի Սուրուճ քաղաքին մէջ անձնասպանական գործողութեան հեղինակ շէյխ Էմրէ Ալակէօզի աւագ եղբայրն է:

Թրքական լրատուամիջոցներուն համաձայն, Ալակէօզ եղբայրները եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապ ունեցող 16 այլ կասկածեալներ սեպտեմբեր 2013-էն գտնուած են թրքական ոստիկանութեան հսկողութեան տակ: Սակայն, հետագային այդ կասկածները անոնց վրայէն վերցուած են:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+