Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զա - Հայերէն
26 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Նպատ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

23 Ekim 2015  

Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զա -

Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զա Առանց ՏԱՀԵՇ-ի Արտաքին Աջակցութեան Դադրեցման` Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկիչներու Վերջ Տալը Դժուար Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ «Առանց ՏԱՀԵՇ-ի արտաքին աջակցութեան դադրեցման` Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն վերջ տալը դժուար պիտի ըլլայ»:

«Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն արտասահմանէն զէնքի մատակարարումը կը շարունակուի, եւ պէտք է վերջ տալ այդ երեւոյթին», նշեց ան:

Զախարովա յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներուն ելեւմտական հիմերուն հարուածումը կախեալ է կարգ մը երկիրներու բարի կամեցողութեան մակարդակէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրները պէտք է քարիւղի ապօրինի առեւտուրին դէմ պայքարին եւ այդ երեւոյթի դէմ պայքարի մեքանիզմներ հաստատեն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա առանց Իրանի մասնակցութեան Սուրիոյ արտաքին աջակցութիւնը կը նկատէ անօգուտ:

«Սուրիոյ տագնապին լուծման բանակցութիւններուն պէտք է մասնակցին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը, Քաթարը եւ Իրանը», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալու համար պէտք է Ասատը հեռացնել իշխանութենէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով ցաւ յայտնեց Ասատի Մոսկուա այցելութեան վերաբերեալ Սպիտակ տան կեցուածքին համար եւ զայն վերագրեց Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու կարճատես եւ սխալներով լեցուն քաղաքականութեան: Սպիտակ տունը Քրեմլինի մէջ Ասատի հիւրընկալումը նկատած էր Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումին Ռուսիոյ աջակցութեան հակասող քայլ մը:

Յիշեցնենք, որ այսօր Վիեննայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ հարցին շուրջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

Միւս կողմէ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, սուրիական բանակը Լաթաքիոյ հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ զինուորական լայնածաւալ գործողութիւն մը շղթայազերծած են:

Մինչ այդ, «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը հիւսիսային Իրաքի մէջ փրկած են 70 քրտուհի պատանդներ: Յատուկ գործողութեան ընթացքին ամերիկեան ուժերուն շարքին արձանագրուած է զոհ մը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+