18 Ekim 2015
Հրատարակուած է սվազցի հայ գրող Մելիսա Քոչաքի թրքերէն մէկ գիրքը՝ «Պտղունց Մը Անցեալ»-ը, որ կը պատմէ սվազցի հայերու անցեալի ու այսօրուան կեանքին մասին, կը հազորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Գիրքը յուշագրութիւն մըն է, ուր Մելիսա Քոչաք նիւթ դարձուցած է կեանքի պատմութիւնը իր մեծ հօր՝ Միհրան Քոչաքի, որ մահացած է 2011-ին։
Մելիսա Քոչաք, «Ռատիքալ» թերթին խօսելով՝ ըսած է, որ այս հողերը գեղեցիկ են իրենց ալաուիներով, հայերով, քիւրտերով, լազերով ու չերքեզներով։ «Մենք այս հողերու ծաղիկներն ենք, ինչո՞ւ մեզ փրցնեն», – աւելցուցած է Քոչաք եւ ըսած, որ Սվազի մէջ կեանքը նախապէս աւելի դժուար էր, քան՝ այսօր։
Մելիսա Քոչաք դիտել տուած է սակայն, որ շրջանի հայերուն ամէնէն լուրջ խնդիրը հոն եկեղեցի մը չունենալն է։ Այս ուղղութեամբ բազմաթիւ ձեռնարկներ կատարուած են, բայց՝ ապարդիւն։
«Այնուհանդերձ կացութիւնը յուսալից է, ու կարելի է լաւ բաներ սպասել», եզրակացուցած է ան։