18 Ekim 2015
16 Հոկտեմբերի ուշ գիշերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղի «Գաբրի»ին կից թաղամասերը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ “Գանձասար”-ի գլխաւորխմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։
Զոհուեցան մայր եւ որդի Վերա Կիրակոսեան-Կենտիմեան (1956-ի ծնունդ) եւ Յարութ Կենտիմեան (1985-ի ծնունդ), որոնց դիակները փլատակներուն տակէն դուրս բերուեցան: Հայ զոհերուն յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Վիրաւորուած է Դաւիթ Տէր Ներսէսեանը: