Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ - Հայերէն
27 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Վահագն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

16 Ekim 2015  

Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ -

Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Լաւրով. «Ռուսիա Համաձայն Է Սուրիոյ Մէջ Ապահով Միջանցքներու Ստեղծման». Փութին Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Համագործակցութիւնը Կը Նկատէ Անբաւարար

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութիւնը անբաւարար կը նկատէ: «Դժբախտաբար, ռուս եւ ամերիկացի փորձագէտներու աշխատանքը կ՛ընթանայ միայն պաշտպանութեան նախարարութիւններու մակարդակով եւ այդ ալ` թեքնիք բնոյթի հարցերու մէջ, ինչ որ ինքնին վստահութեան նշան է: Կան նաեւ այլ թեքնիք յարաչափեր, որոնց շուրջ զինուորականները համաձայնութիւն գոյացուցած են», ըսած է Փութին` աւելցնելով. «Սակայն, կը կարծեմ, որ ատիկա բաւարար չէ»:

Փութին նաեւ յայտնած է, որ Մոսկուա առաջարկած է վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ուղարկել Ուաշինկթըն` քննարկելու համար Սուրիոյ կացութեան կարգաւորումը:

«Մենք ռազմաքաղաքական բարձր մակարդակով Մոսկուայի մէջ հանդիպում կատարելու առաջարկ կատարած ենք: Ես ըսած եմ, որ մենք կրնանք մեծ պատուիրակութիւն մը ուղարկել Ուաշինկթըն` քննարկելու նախ եւ առաջ սուրիական տագնապի լուծման հարցերը, կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւի գլխաւորութեամբ», ըսած է Փութին:

«Սուրիական ազատ բանակին ամերիկեան զէնքերու մատակարարումները ահաբեկչական խմբաւորումներու ձեռքը անցնելուն շուրջ հարցականներ գոյութիւն ունին», յայտնած է Փութին` նշելով. «Ռուսիա Սուրիոյ մէջ կատարուած գործողութիւններուն ճամբով չի ջանար ղեկավարութեան շուրջ մրցակցիլ»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան տրամադրուած ամերիկեան զէնքերուն մեծ մասը կ՛անցնի ահաբեկչական տարրերու ձեռքը: Ան նաեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը համաձայն է Սուրիոյ մէջ մարդասիրական զինադադար հաստատելու եւ բնակչութեան օժանդակութիւն հասցնելու համար ապահով միջանցքներու ստեղծման գաղափարին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ռուսական պատերազմական օդանաւերը վերջին 24 ժամուան ընթացքին Սուրիոյ վերեւ 88 թռիչքներ կատարած են:

ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ճգնաժամի լուծման վերաբերեալ բանաձեւ մը որդեգրելով յայտնած են, որ Ռուսիան պէտք է Սուրիոյ մէջ իր ջանքերը կեդրոնացնէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ գործողութիւնները համակարգէ միջազգային դաշինքին հետ:

«Ռուսիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ դադրեցնելու յարձակումները սուրիական ընդդիմութեան ու խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ պայքարը կեդրոնացնելու ՏԱՀԵՇ-ի վրայ, ինչպէս նաեւ միաւորելու ջանքերը միջազգային դաշինքին հետ, որ կը պայքարի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, եւ նպաստելու` հասնելու համար տագնապի քաղաքական ճանապարհով լուծման», նշուած է բանաձեւին մէջ:

Դաշինքի 28 երկիրներու կարծիքով` Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները կրնան բարդացնել իրավիճակը:

Միւս կողմէ, «Քորրեսփոնտընթ» կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ զինեալ ընդդիմադիրները քիւրտերուն հետ դաշինք կնքած են ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միացեալ պայքարի համար: Դաշինքը ստացած է «Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր» անուանումը:

Դաշինքի կազմի մէջ մտած են Քիւրտերու Ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատները եւ Սուրիական արաբական դաշինքը, որ կը վայելէ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը:

Ըստ «Քորրեսփոնտընթ»-ի, մօտ օրէն յարձակում պիտի սկսի ՏԱՀԵՇ-ի «մայրաքաղաք» Ռաքքայի դէմ: Յարձակումը պիտի գլխաւորեն արաբական խմբաւորումները, իսկ քիւրտերը պիտի ստանձնեն անոնց պաշտպանութիւնը:

Տաւութօղլու. «Չկայ Որեւէ Այլ Երկիր, Որ Ահաբեկչութեան Դէմ
Նոյնքան Արդիւնաւէտ Կը Պայքարի, Որքան Թուրքիան»
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ իր երկիրը աւելի արդիւնաւէտ կերպով կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ, քան այլ երկիրներ:

«Չկայ որեւէ այլ երկիր, որ ահաբեկչութեան դէմ նոյնքան արդիւնաւէտ կը պայքարի, որքան Թուրքիան: Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն ետք մենք միայն մէկ գիշերուան ընթացքին ձերբակալած ենք 768 անձ` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան կասկածանքով: Երեք-չորս օր առաջ Պոլսոյ մէջ վնասազերծուած է անձնասպանական գործողութեան պատրաստուող ահաբեկիչ մը: Այդ մասին հասարակութիւնը չի գիտեր: Ինչպէս նաեւ չի գիտեր, թէ ահաբեկչութեան նախօրեակին վնասազերծուած էր բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը դէմ անձնասպանական գործողութեան նախապատրաստուող մը: Այդպիսով, հակաահաբեկչական գործողութիւնը կը գործադրուի բարձր մակարդակով եւ յաջողութեամբ», ըսած է Տաւութօղլու:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+