«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն» - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

16 Ekim 2015  

«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն» -

«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն» «Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն»

Այսպէս յայտարարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի բացման հանդէսին:

Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ներկայութեամբ միաբան հայրերու եւ ուսուցիչներու, պաշտօնական հանդիսութեամբ բացումը կատարուեցաւ Դպրեվանքի 86-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանին: Այս առիթով, դպրեվանեցիներ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կարդացուեցաւ աստուածաշնչական հատուած, երգուեցան օրուան խորհուրդը պատմող շարականներ եւ երգեր ու արտասանուեցան աղօթաշունչ բանաստեղծութիւններ: Ապա, դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան կարդաց իր տեսչական խօսքը, յայտնելով թէ` դպրեվանքի մեր ուսանողներուն հոգեկան աճում ու իմացական զարգացում տալը, դպրեվանքի տեսչութեան անդրանիկ պարտաւորութիւնն է: «Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ վեհափառ հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ անգամ մը եւս մեր առջեւ կը բացուի տարի մը, որ վստահաբար մեր սաներուն ջանքերով պիտի ըլլայ նուաճումներով ու զարգացումներով լեցուն», ըսաւ հայր սուրբը:


Վեհափառ հայրապետը այս առիթով իր արտասանած պատգամին մէջ ընդգծեց. «Դպրեվանքը սովորական դպրոց չէ, այլ` սրբազան կառոյց: Ան եղած է եւ կը մնայ հայ սփիւռքին մարդուժ հայթայթող նուիրական կեդրոն: Որքա՜ն սերունդներ` հոգեւորական թէ աշխարհական, իմացապէս ու հոգեպէս լեցուեցան դպրեվանքին մէջ եւ իրենց ծառայութեան ճամբով իրենք զիրենք գերազանցեցին: Դպրեվանքը յատուկ առաքելութիւն մը ունի, որ լաւագոյնս արտայայտուած կը գտնենք իր քայլերգին` «կրօնի հուրն եւ ազգի սէրն» բառերուն մէջ, այլ խօսքով, դպրեվանքին մէջ հաւատքն ու բանականութիւնը, եկեղեցականն ու ազգայինը ընդելուզուած են իրարու: Մեր սերունդները այս ոգիով կը կերտուին դպրեվանքին մէջ, երթալու համար մեր ժողովուրդին, իրենց անձնդիր առաքելութիւնը իրագործելու համար»: Վեհափառ հայրապետը շարունակելով իր խօսքը` ըսաւ դպրեվանեցիներուն. «Դուք ընտրեալներ էք, այս գիտակցութեամբ ձեր կեանքը պէտք է հարստացնէք` եկեղեցական կեանքով, քրիստոնէական սկզբունքներով, մեր թարգմանիչ վարդապետներուն շունչով եւ հոգեմտաւոր արժէքներով: Այս իմաստով, դպրեվանքեան ձեր օրերը լաւագոյնս պէտք է օգտագործէք` ձեր առօրեան լեցնելով աղօթքով ու ընթերցանութեամբ»:

Աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց դպրեվանքի տեսուչին, տեսչութեան անդամներուն եւ ուսուցչական կազմին կատարած աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց անոնց, եւ հրաւիրեց, որ նոյն բծախնդրութեամբ շարունակեն իրենց վստահուած առաքելութիւնը:

* * *
Օր մը առաջ, կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտուն, դպրեվանքի 86-րդ կրթական տարեշրջանի բացման առիթով, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան:

Հայր սուրբը քարոզեց «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ իմանալ զբանս հանճարոյ» աստուածաշնչական համարին լոյսին տակ: Ան ըսաւ. «Թարգմանչաց յիշատակումին ընդմէջէն մենք այսօր կը պանծացնենք Ս. Գիրքի տօնը: Աստուածաշունչը հայերէն թարգմանելու նպատակով, Աստուած տեսլապաշտ հոգեւորականի մը ճամբով «Այբ ու բեն»-ը տուաւ հայ ժողովուրդին: Իսկ թարգմանչաց սերունդները, Աստուածաշունչին ընդմէջէն զԱստուած ալ հայոց թարգմանեցին ու ամբողջ երկինքը հայացուցին: Ահա թէ ինչո՛ւ հայոց լեզուին իւրաքանչիւր տառը մասունք է, իւրաքանչիւր բառը` սրբութիւն եւ անոր իւրաքանչիւր նախադասութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կոչուած է աղօթք դառնալու»: Ապա տեսուչ հայր սուրբը իր խօսքը դպրեվանեցիներուն ուղղելով` ըսաւ. «Թարգմանչաց սերունդները այսօր կը հրաւիրեն ձեզի, որ դուք դառնաք Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ գիրի ու դպրութեան նուիրեալ մշակներ: Մարդու սով կայ այսօր աշխարհի տարածքին, դուք դպրեվանքին մէջ կը պատրաստուիք մեր ժողովուրդի զաւակները լիացնելու կենաց հացով ու կեանքի ջուրով»: Հայր սուրբը իր քարոզը եզրակացուց` ըսելով. «Միշտ գիտցէք, որ մեր ժողովուրդը ձեր մէջ ամէն բանէ առաջ Աստուծոյ մարդը կ՛ուզէ տեսնել»:

Յայտնենք, որ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+