Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

16 Ekim 2015  

Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան -

Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան Հալէպահայերը Դրական Կը Մօտենան Սուրիոյ Պատերազմին Ռուսիոյ Մասնակցութեան

Հալէպահայերը հիմնականին մէջ դրական կը նկատեն Սուրիոյ զինուորական գործողութիւններուն ռուսական օդուժին մասնակցութիւնը:

Հալէպահայ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ թէեւ հալէպահայերը քաղաքական յայտարարութիւն չեն կատարած, սակայն յոյս ունին, որ գոնէ այս միջամտութիւնը կրնայ վերջակէտ դնել սուրիական քառամեայ պատերազմին:

«Դրական կը մօտենանք այն բոլոր քայլերուն, որոնք սուրիական պետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը կը պահպանեն: Մեզի համար հիմնականը այս տագնապին աւարտն ու ահաբեկչական այս շարժման վերջ գտնելն է: Գաղութը, իբրեւ գաղութ, նուազագոյն վնասներով դուրս գալու մասին կը մտածէ հիմնականօրէն, կարելի եղածին չափ պահպանուելու համար», յայտնած է Պողիկեան:

Հալէպաբնակ հայերուն համաձայն, վերջին շաբաթներուն հրթիռակոծութիւնները նուազած են, եւ քաղաքի մարդաշատ թաղամասերը աւելի նուազ թիրախ կ՛ըլլան ռմբակոծումի:

«Երբ տարբեր ընտանիքներ միասնաբար կը համախմբուինք կամ երբ պատկերասփիւռէն լուրերուն կը հետեւինք, կը յուսադրուինք, որ կարծես թէ աւելի լաւ է: Ռուսական զօրքերը Հալէպ չմտան, բայց կը գրեն, որ այս մէկ-երկու օրը պիտի հարուածեն», յայտնած է Մայտա Պագգալեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Երեւանեան Վերնիսաժի մէջ աշխատող սուրիահայերուն քննարկումներուն հիմնական նիւթը նոյնպէս Հալէպի վերջին իրադարձութիւններն են: Հնավաճառ Վազգէն Տէր Դաւիթեան իր բոլոր ունեցածը ձգելով, իր իսկ ըսելով, մէկ շապիկով Հայաստան եկած է, երբ Հալէպի իր տունը քանի մը անգամ ռմբակոծուած է:

«Մեր տան ետին ահաբեկչական զինեալներ կային, ճիշդ մեր տան ետեւը` մէկ թաղ միւս կողմ: Չորս անգամ տունը նորոգած եմ», հաստատած է ան:

Ան ներկայիս իր ծննդավայրին մասին հիմնականօրէն տեղեկութիւն կը ստանայ իր եղբայրներէն: Վազգէն Տէր Դաւիթեան վստահ չէ, որ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ կարելի է սուրիական պատերազմին վերջ դնել: «Ռուսական զօրքերը կը յառաջդիմեն, սուրիական բանակը եւս, բայց տակաւին չենք գիտեր, թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ. կրնայ նաեւ աւելի վատ ըլլալ, ու Համաշխարհային պատերազմը ծայր առնէ, չենք գիտեր տակաւին», յայտնած է Տէր Դաւիթեան:

Հնավաճառը նշած է, որ թէեւ որոշ եկեղեցիներ ու վարժարաններ տակաւին կանգուն են, սակայն հայկական գաղութ կոչուած հաւաքականութիւնը «չկայ այլեւս»:

Անոր կից աշխատող գորգավաճառ Նազարէթ Ալոյեան, որ Հալէպի մէջ տունն ու խանութները կորսնցուցած է, համակարծիք է` դրացիները չեն ուզեր Սուրիա վերադառնալ, որոշած են Հայաստան հաստատուիլ եւ քանդուած տուներուն փոխարէն հոս նոր տուն կառուցել: «Այս շաբթուան ընթացքին տուն պիտի ստանձնեմ: Յունուարին` Ս. Ծնունդին պիտի երթամ Հալէպ, ինչ որ կարենամ այնտեղ ծախել, պիտի վաճառեմ, նաեւ ինքնաշարժս եւ վերջնականապէս պիտի հաստատուիմ հոս», յայտնած է Ալոյեան:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+