Հայր ժիհատ Եուսէֆ այլեւս չյանդգնիր քրիստոնեաներուն ըսել մի գաղթէք։ - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

14 Ekim 2015  

Հայր ժիհատ Եուսէֆ այլեւս չյանդգնիր քրիստոնեաներուն ըսել մի գաղթէք։ -

Հայր ժիհատ Եուսէֆ այլեւս չյանդգնիր քրիստոնեաներուն ըսել մի գաղթէք։ Հայր ժիհատ Եուսէֆ այլեւս չյանդգնիր քրիստոնեաներուն ըսել մի գաղթէք։

(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ արիւնալի ընդհարումը պատճառ դարձաւ, բոլոր համայնքներու` իսլամ թէ քրիստոնեայ, զանգուածային գաղթի։ Այդ ուղղութեամբ վկայութիւն կու տայ հայր Ժիհատ Եուսէֆ` անդամ Մար Մուսա մենաստանի։
Ան` տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմնին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց որ իսլամներն ու քրիստոնեաները հաւասարապէս երկրէն կը գաղթեն, մասնաւորապէս Սուրիոյ հիւսիսը ապրող բնակիչները, որոնք թիրախ են ՏԱՀԵՇի ահաբեկչական շարժումին։
Հայր Ժիհատ Եուսէֆ վանական մըն է Մար Մուսայի մենաստանին որուն հիմնադիրն է իտալացի Յիսուսեան հայր Paolo Dall’Oglio, որ իր կարգին առեւանգուած է ահաբեկչական մէկ կազմակերպութենէն` 19 Յուլիս 2013-ին եւ որու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ։


Մար Մուսա հասարակութիւնը կը գտնուի Դամասկոսէն 90 քլմդր հեռաւորութեան վրայ եւ 17 քլմդ հեռու Նապաքէ քաղաքէն։ Անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 50 հազար հոզի։
Հայր Ժիհատ Եուսէֆ ներկայիս հռոմ կը զտանուի եւ կը յաճախէ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը։ Խօսելով հիւսիսային Սուրիոյ՝ Ճազիրէ բնակիչներուն մասին, հաստատեց որ այդ շրջանի բոլոր գիւղերու բնակիչները պարտադրուեցան իրենց տուներէն հեռանալ ՏԱՀԵՇԻ ձեռքը չիյնալու համար։ Կղերական դասը կը յորդորէ հաւատացեալները չհեռանալ իրենց տուներէն ։
Կղերական դասին համար դիւրին չէ նման յորդոր մը տալ։ Մարդիկը սպառնալիքի տակ են, ապագայ չունին, ոչ իրենց եւ ոչ ալ իրենց զաւակներուն համար: Եկեղեցականը հոն կը մնայ որպէս նշան ու խորհրդանիշ յոյսի։ Անիկա պատգամ մը ունի ուղղելիք ոչ միայն քրիստոնեաներուն այլ եւ մահմետականներուն։ Իրաքի մէջ Սատտամ Հուսէյնի, վար առնուեցաւ յանուն հանրավարութեան։ Բազմաթիւ են այն քրիստոնեաները որոնք կը հաստատեն թէ աւելի լաւ էին Սատտամի օրով քան այսօր։


Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները այլեւս չնչին հասարակութիւն մը կը կազմեն։ Հայր Ժիհատ Եուսէֆ խստիւ կը քննադատէ Արեւմուտքի քաղաքականութիւնը որ նպաստեց արաբական աշխարհի քայքայումին։ Նոյնպէս կը քննադատէ Արաբական ծոցը եւ մասնաւորապէս Սաուտեան Արաբիան ու Քաթարը որոնք զօրավիգ կը կանգնին ծայրայեղ մահմետականներուն, առանց մոռնալու թուրքիոյ դերը։ ՏԱՀԵՇը մէջտեղ եկաւ շնորհիւ վերոյիշեալ երկիրներու օգնութեան։ Առանց պատերազմի կարելի չէ զէնք ծախել եւ շատերուն համար պատերազմը շահաբեր է - հաստատեց Հայ Ժիհատ Եուսէֆ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+