12 Ekim 2015
Երէկ` կիրակի, 11 հոկտեմբեր 2015-ին, Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, Սրբոց թարգմանչաց վարդապետներու նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականին երգեցողութեամբ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած յատուկ տաղաւարը, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կատարեց Հայ գիրքի 36-րդ ցուցահանդէսին բացումը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ աւանդութիւն դարձած Հայ գիրքի ցուցահանդէսը ի մի կը բերէ Լիբանանի զանազան հայկական հրատարակչատուները, անհատ հեղինակները, մտաւորականները եւ դպրոցական աշակերտները` միշտ նպատակ ունենալով բորբ պահել հայ գիրն ու գրականութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ յիշեց 24 ապրիլ 1915-ի գիշերը, երբ ցեղասպան թուրքը ձերբակալել տուաւ Պոլսոյ եւ գաւառներու մեր մտաւորականներն ու ժողովուրդի ղեկավարները, որոնք բանտարկուեցան եւ ապա խողխողուեցան, հայ ժողովուրդը ձգելով առանց առաջնորդի: «Մեր մտաւորականները սովորական մարդիկ չէին, մեր ազգային կեանքին որակ, մեր մշակութային անդաստանը ծաղկեցնող եւ մեր ազգը ղեկավարող տարրեր էին. անոնք անմահացան: Մեր անմահացած մտաւորականներուն յաջորդող սերունդները, մեր նահատակ մտաւորականներուն երկունքներով ու ձգտումներով լիցքաւորուած եւ հաւատարիմ անոնց նուիրական կտակին, սփիւռք դարձած եւ անորոշութեան մատնուած մեր ժողովուրդին կեանքը վերակազմակերպեցին` մեր գաղութներու կեանքին որակ, կազմակերպչական ոգի ու տեսիլք ներարկելով: Անցնող 100 տարիներուն ընթացքին մեր մտաւորականները դարձան սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու պայքարին քաջամարտիկ ռահվիրաները: Այսօր, 100 տարիներ յետոյ, մենք կը խոնարհինք մեր նահատակ մտաւորականներուն մեծ վաստակին առջեւ»: Արամ Ա. կաթողիկոսը շարունակելով իր խօսքը չորս կարեւոր յիշեցումներ կատարեց` ա) Առաւել կերպով ծաղկեցնել հայ մշակոյթի անդաստանը, բ) Կենդանի ու անաղարտ պահել հայ լեզուն, գ) Բացուիլ օտարին առանց օտարանալու եւ դ) Գնահատել ու պաշտպանել մտաւորականը, գրողը եւ ուսուցիչը: