11 Ekim 2015
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի առնուազն 86 զոհ եւ 186 վիրաւոր արձանագրուեցաւ‚ երբ Անգարայի մէջ պայթում տեղի ունեցաւ խաչմերուկի մը վրայ‚ ուր այսօր նախատեսուած էր ձախակողմեան սենտիքաներու ցոյց մը։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը արտակարգ ժողով մը կը գումարէ քննարկելու համար Անգարայի մէջ պայթումի հարցը։ Կառավարութիւնը պայթումը նկատեց «ահաբեկչական յարձակում» մը։ Ըստ ականատեսերու, երկու պայթում տեղի ունեցած է։ ՔԱԿ-ի եւ թրքական բանակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համակիրներ էին։